ՔԻՉ ՄԸ ԵՒՍ ԺԱՄԱՆԱԿ ՊԷՏՔ Է
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտնեց, որ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցին լուծումը քիչ մը եւս ժամանակի կրնայ կարօտիլ։ Մօտաւոր անցեալին Իզմիրի մէջ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ կազմակերպուած աշխատաժողովի մը ընթացքին Ուսթապաշը տեղեկացուցած էր, որ պատրաստուած նոր կանոնադրութեան նախագիծը իրեն ցոյց տրուած է եւ ինք պատկան մարմիններու նկատառման յանձնած է որոշ դիտարկումներ։ Աշխատաժողովին ժամանակ ան նշած էր նաեւ, որ շարք մը նախարարներու մասնակցութեամբ նոր ժողով մը տեղի պիտի ունենայ եւ այդ հիման վրայ պատրաստուած կանոնադրութեան նախագիծը փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ աւելի նախընտրելի վիճակ մը պիտի ստանայ։
Նկատի ունենալով, որ ներկայ շաբթուայ սկիզբին Անգարայի մէջ Վաքըֆներու խորհուրդը ժողով մը գումարած է՝ երէկ հեռաձայնով կապ հաստատեցինք Ճան Ուսթապաշըի հետ։ Զրոյցի ընթացքին հարց տուինք, թէ արդեօք Իզմիրի իր յայտարարութիւններուն ի շարունակութիւն՝ վերջին ժողովին ժամանակ որեւէ յստակեցում եղա՞ծ է։ Ի պատասխան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցման՝ Ճան Ուսթապաշը յայտնեց, որ ներկայ դրութեամբ որոշուած է ընտրական նոր կանոնադրութեան մշակման գործընթացին իր ալ մասնակից դարձուիլը։ «Ես փոքրամասնական բոլոր համայնքներուն հետ սերտ յարաբերութեան մէջ եմ։ Կը փորձեմ անոնց արձագանգը ցոլացնել նոր մշակուած կանոնադրութեան նախագծին վրայ։ Այժմ բարեացակամ տրամադրութիւններով աշխատանքներ կը տարուին թէ՛ Ներքին գործոց նախարարութեան եւ թէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ։ Իրաւասուները դրական մօտեցումներ ունին։ Այս խնդրի լուծումը քիչ մը ժամանակի կը կարօտի», ըսաւ Ճան Ուսթապաշը։