ԲՈՂՈՔ ՄԸ ԵՒՍ

Նոր­վե­կիոյ Հել­սին­քեան կո­մի­տէի հա­ւատ­քի ա­զա­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տեց Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ կա­տա­րուած յան­ձա­կու­մը եւ կոչ ուղ­ղեց պատ­կան մար­մին­նե­րուն, որ­պէս­զի մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կեն պաշ­տա­մուն­քի վայ­րերն ու հա­ւատ­քի վե­րա­բե­րեալ այլ վայ­րե­րը պահ­պա­նե­լու հա­մար։ Հրա­պա­րա­կուած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ յի­շեալ նա­խա­ձեռ­նու­թեան կող­մէ նշուած է, թէ պաշ­տա­մուն­քի վայ­րե­րը հա­սա­րա­կու­թեան լայն խա­ւե­րուն առ­ջեւ բաց գտնուե­լու պատ­ճա­ռով թի­րախ կրնան հան­դի­սա­նալ նման յար­ձա­կում­նե­րու հա­մար։ «Նման վյա­րե­րուն թի­րախ ընտ­րուի­լը ֆի­զի­քա­կան վնա­սէն շատ ա­ւե­լին կ՚ը­նէ ու կ՚ազ­դեն այդ վայ­րը գոր­ծա­ծող ան­ձե­րուն ու ա­նոնց հա­ւա­տա­կից­նե­րուն վրայ, ինչ­պէս նաեւ վա­խի տակ կը թո­ղուն բո­լոր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը», նշուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ 

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015