ԵԹՈՎՊԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Եթովպիոյ հայ համայնքի ղեկավար Վարդգէս Նալպանտեան եւ իր դուստրը՝ իրաւաբան Գայիանէ Էլիզ Նալպանտեան այցելեցին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցան փոխ-նախարար Վահագն Մելիքեանի հետ։ Վերջինս կարեւորեց Եթովպիոյ հայ համայնքին հետ սերտ կապերու ամրապնդման, համայնքի պատմութեան ու ներկայ խնդիրներուն իրազեկ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ, որ հայութեան հնագոյն համայնքներէն մէկը ըլլալով՝ Եթովպիոյ համայնքը այսօր ալ կը շարունակէ իր կենսունակութիւնը՝ պահպանելով նաեւ հայկական դիմագիծը։
Ապա Վարդգէս Նալպանտեան տեսաշարով մը ներկայացուց Եթովպիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը եւ հայերու պատմական ներուժը երկրի կայացման եւ զարգացման աշխատանքին մէջ։
Հարկ է նշել, որ մայրաքաղաք Ատիս Ապեպայի մէջ կը գործէ Հայց. Եկեղեցւոյ Եթովպիոյ հոգեւոր հովուութիւնը, կայ վարժարան մը՝ մանկապարտէզով եւ տարրական դասարաններով։ Դպրոցը ունի 220 աշակերտ, որոնցմէ 11-ը միայն հայ է։ Այժմ Եթովպիոյ մէջ կը բնակի շուրջ 150 հայ, որմէ 80-ը Ատիս Ապեպայի մէջ։