ԵՏՄ-Ը ԵՒ ՄԵՏԱՔՍԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԿՐՆԱՆ ԶԱՐԳԱՆԱԼ ԶՈՒԳԸՆԹԱՑ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին յայ­տա­րա­րեց, թէ «Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի» եւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) նա­խա­գի­ծե­րու կա­պակց­ման աշ­խա­տան­քը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ տա­րած­քաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րու շա­հե­րուն։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Փու­թին վեր­ջերս ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Մոս­կուա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Շան­հա­յի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։  «Մենք աշ­խու­ժօ­րէն կ՚աշ­խա­տինք եր­կու մեծ նա­խագ­ծե­րու՝ «Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի» տնտե­սա­կան գօ­տիի եւ ԵՏՄ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս գոր­ծակ­ցու­թեան զու­գակց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Այդ հար­ցը քա­նիցս քննար-կըւած է Շան­հա­յի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն կող­մէ։ Լիա­կա­տար վստա­հու­թիւն կայ այն ուղ­ղու­թեամբ, թէ այդ հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քին ի­րա­գոր­ծու­մը լիո­վին կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ մեր փո­խա­դարձ շա­հե­րուն», ը­սաւ Վլա­տի­միր Փու­թին։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ Փու­թին եւ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ցզին­փին վեր­ջերս ստո­րագ­րած էին յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, ո­րով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն կը նա­խա­տե­սուի «Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի» տնտե­սա­կան գօ­տիի նա­խագ­ծի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015