ԵՐԿԻՐՆԵՐ, ՈՒՐԿԷ ԵՏ ԿԱՆՉՈՒԱԾ ԵՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ

Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այս շրջա­նին դես­պան­ներ չու­նի Վա­տի­կա­նի, Լիւք­սեմ­պուր­կի, Աւստ­րիոյ եւ Պրա­զի­լիոյ մէջ. այս եր­կիր­նե­րու օ­րէնս­դիր մար­մին­ներ­րը վեր­ջին շրջա­նին պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած են Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը եւ հե­տե­ւա­բար ար­ժա­նա­ցած՝ կա­ռա­վա­րու­թեան բո­ղո­քին։

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Թան­ժու Պիլ­կիչ պա­տաս­խա­նե­լով լրագ­րո­ղի մը հար­ցու­մին յայտ­նեց, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը ա­ռա­ջին ան­գամ կի­րա­ռած եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րը ետ կան­չած են քննար­կում­նե­րու հա­մար։ «Տուեալ փու­լին չ՚ակնկա­լուիր, որ այդ դես­պան­նե­րը մօ­տա­կայ ժա­մա­նակ­ներս վե­րա­դառ­նան ի­րենց պաշ­տօ­նին», յայ­տա­րա­րեց Թանժու Պիլ­կիչ։  

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015