ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԳԻՐՔ ՄԸ
Ամերիկաբնակ արձակագիր Ալին Յովհաննէսեանի «Օրհանի ժառանգութիւնը» վէպը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։ Այսպէս, «Ամազոն» առցանց գրախանութը վէպը ճանչցաւ Ապրիլ ամսուան լաւագոյն գիրքը։
Վէպը գրուած է Մեծ եղեռնի նիւթով։ Ստեղծագործութիւնը լաւագոյնի տիտղոսին արժանացած է ո՛չ միայն «Ամազոն»ի վրայ, այլ նաեւ՝ Գրավաճառներու անկախ ընկերակցութեան կողմէ եւ լայնօրէն լուսաբանուած ամերիկեան յառաջատար պարբերականներուն մէջ։
Ալին Յովհաննէսեան վերապրող ընտանիքի մը ժառանգներէն է։ Ան իր գիրքը գրած է վեց տարուան ընթացքին։ Այս առիթով ան նոյնիսկ այցելած է Սեբաստիա, ուր ալ տեղի կ՚ունենան վէպի մէջ նկարագրուած իրադարձութիւնները։ Գիրքը ո՛չ միայն սիրոյ գեղեցիկ պատմութիւն մըն է, այլ նաեւ՝ «միլիոնէ աւելի լուռ նահատակներու ձայնն է ի լուր աշխարհի՝ պատմութեան մոռցուած հատուածի մասին»։