ԷՅՖԵԼԻ ԱՇՏԱՐԱԿԸ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ
Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի Էյֆելի աշտարակը այցելուներու համար կը բացուի յունիսի 25-ին։ Քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով մարտ ամսուայ կէսերուն փակուած էր Էյֆելի աշտարակը, որ իր առաջին այցելուները կը սկսի ընդունիլ յունիսի 25-ին։ Այս որոշումը առած է Ֆրանսայի մշակութային արժէքներու սպասարկման կազմակերպութիւնը։
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն յետոյ ամենաերկար ժամանակով՝ աւելի քան երեք ամիսով այցելուներու համար փակուած Էյֆելի աշտարակը դարձեալ կը բացուի 25 յունիսին։ 11 տարեկանէն աւելի մեծ այցելուներու համար պարտադիր է դիմակ կրելը։ Իսկ հակահամաճարակային կանոններու պահպանմամբ պայմանաւորուած է, որպէսզի այցելուներու ճանապարհները չխաչաձեւուին։ Աշտարակ բարձրացողները կ՚օգտուին արեւելեան, իսկ իջնողները՝ արեւմտեան աստիճաններէն։