ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ 1 ԵՒՐՈՅԻ ԲՆԱԿԱՐԱՆ
Իտալիոյ մէջ սկսած են տուներ վաճառել 1 եւրոյով։ Իտալիայի Քալապրիա մարզի Չինքուէֆրոնթի քաղաքին մէջ սկսած են ծրագիրի մը, որով հնարաւոր է բնակարան մը գնել 1 եւրոյով:
Տեղւոյն քաղաքապետին համաձայն, ծրագիրին նպատակն է դէպի մեծ քաղաքներ երիտասարդներու տեղափոխուելու հոսքին արգելք ըլլալ։
Չինքուէֆրոնթիի մէջ բնակարան գնելը բարենպաստ պայման է համաճարակային տեսանկիւնէն: Քորոնաժահրի համաճարակի ընթացքին քաղաքին մէջ չէ եղած ոեւէ վարակեալ։
Անոնք, որոնք կը փափաքին առաջարկուող տարբերակով տուն գնել, պարտաւոր են զայն վերանորոգել յառաջիկայ երեք տարուայ ընթացքին։ Այս պայմաններէն բացի, գնորդը պարտաւոր է 250 եւրոյի յատուկ վճարագին մը վճարել։ Եթէ նշուած ժամկէտին տունը չվերանորոգուի, ապա սեփականատէրը ստիպուած է 20 հազար եւրոյի տուգանք վճարելու։