ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿՈՒ ՏԱՅ ՉՍԱՅԹԱՔԻԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հերթական վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 49 հազար 190 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 987 նոր վարակեալ։ Երէկ եւս 17 հիւանդ զոհ գնաց համավարակի։ Նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղաւ 1021։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ ցայսօր վարակուածներու 85 տոկոսը արդէն բուժուած է։ Ըստ նախարարին, խտացեալ խնամքի տակ դարմանուած հիւանդներու թիւը բարձրացած, արհեստական շնչառութեան ենթականերուն թիւը նուազած է։ Նոր բուժուածներու թիւը եւ նոր հաստատուած պարագաներու թիւը իրարու շատ մօտ են։ «Քորոնաժահրը սխալ լաւատեսութենէ կ՚առնէ իր ուժը», ըսաւ նախարարը՝ հերթական անգամ հերքելով այն համոզումը, թէ անոր ազդեցութիւնը նուազած է։ Ուստի, Ֆահրետտին Քոճա խորհուրդ տուաւ միշտ հետեւիլ նախազգուշական միջոցներուն։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ զբօսաշրջութեան բնագաւառի պարագային։ Ըստ իրեն, առողջապահական ապահովագրութիւն պիտի ունենան այն զբօսաշրջիկները, որոնք պիտի այցելեն Թուրքիա։ Այսպէսով, Թուրքիա այցելելիք զբօսաշրջիկները եթէ յանկարծ հիւանդանան, ապա անոնց դարմանումը պիտի կատարուի առանց փոխարժէքի։ Նախագահ Էրտողան այս բոլորի մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած է նաեւ՝ վերջին օրերուն հեռախօսով զրուցած երկիրներու ղեկավարներուն։ Երէկուան դրութեամբ Թուրքիայէն դէպի արտասահման թռիչքները արդէն սկսած են՝ ընդգրկելով Անգլիան, Գերմանիան եւ Հոլանտան։ Օդակայաններէն ներս նախազգուշական խիստ միջոցներ ձեռք առնուած են։ Այժմու կանխատեսումներով՝ դէպի Ռուսաստան թռիչքները պիտի վերսկսին 15 յուլիսին, դէպի Իտալիա՝ 1 օգոստոսին եւ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ 1 սեպտեմբերին։

ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի երէկուան ժողովին ընթացքին նախագահ Էրտողան շեշտած է, որ Թուրքիա այցելելիք զբօսաշրջիկները պէտք է ըլլան ապահով։ «Աշխարհի վրայ այս դժուար շրջանին բոլորը տեսած են, թէ մեր երկիրը առողջապահութեան տեսակէտէ որքան լաւ վիճակի մէջ է», ըսած է Էրտողան ու նշած, թէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած վերջին հեռախօսազրոյցին ժամանակ եւս անդրադարձ կատարած է այս հարցին։ 

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2020