ՇԱՆԹԻ ՀՄԱՅՔԸ

Քաղաքամայր Երեւան կայծակի լոյսերու ներքեւ…

Լոյսը միշտ ունի իր հրապոյրը… Ան ո՛չ միայն կը բացայայտէ ու կը մերկացնէ ամէն ինչ, նաեւ հմայք մը կու տայ՝ իր սփռուածին։ Լոյսը մշտական է՝ արեւով կամ կրակով։ Հապա՞ շանթը… Մութին, խաւարին մէջ յանկարծ լուսաւորութիւն՝ ակնթարթի մը համար։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն կայծակի լոյսը ծագեցաւ քաղաքամայր Երեւանի վրայ։ Շողաց անոր երկնակամարը՝ պարզելով հրապոյրի պատկերը, որու ընդմէջէն մեզի կը հասնի Ռուբէն Հախվերդեանի անանց երգի մեղեդին. «Սա Երեւանն է, այստեղ դու տանն ես, ուր քեզ սպասում են դեռ կէս գիշերին…» 

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2020