ՉԱՐԼԶ ՏԻՔԸՆՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
19-րդ դարու մեծ արձակագիրներէն, Վիքթորեան շրջանի անգլիացի նշանաւոր գրող, վիպասան Չարլզ Տիքընս ծնաւ 7 փետրուար 1812 թուականին՝ Փորթսմուտի մէջ։ Ան Ճոն Տիքընսի եւ Էլիզապէթ Տիքընսի 8 զաւակներէն երկրորդն է։ Ընտանիքը 1815-ին տեղափոխուեցաւ Լոնտոն, իսկ 1817-ին՝ Չեթհըմ։ Այստեղ Չարլզ ուսում առաւ Պափթիստ Փասթէօր Ուիլիան Ժիլիայի դպրոցին մէջ։ Մայրաքաղաքի կեանքը զգալի ծախսեր կը պահանջէր, իսկ ընտանիքը բաւարար միջոցներ չունէր, հայրը 1824-ին իր պարտքերու պատճառով բանտ ինկաւ։ Չարլզի մեծ քոյրը շարունակեց ուսում առնել Թագաւորական երաժշտական ակադեմիոյ մէջ մինչեւ 1827-ը։ Այդ ժամանակ Չարլզ աշխատեցաւ գործարանի մը մէջ։ Տիքընսի մեծ մօր մահէն քանի մը ամիս վերջ, ստացած ժառանգութեան շնորհիւ, Ճոն Տիքընս ազատ արձակուեցաւ բանտէն։ 1827-ին աշխատանքի ընդունուեցաւ «Էլլիս եւ Պլեքմոր» փաստաբանական գրասենեակ։ Հոն աշխատեցաւ մինչեւ 1828-ը։ Մինչ այդ, սղագրութիւն սորվելով սկսաւ աշխատիլ որպէս ազատ լրագրող իր հեռաւոր ազգական Թոմաս Շարլթոնի հետ։ 1830-ին «Morning Chronicle» թերթի հրաւէրով հոն աշխատանքի սկսաւ: 1837-ին ամուսնացաւ Քեթրին Հոկարթի հետ։
1838-ին լոյս տեսաւ «Օլիվըր Թուիստ» վէպը, որու ընթերցողներ տեղափոխուեցան Լոնտոնի մէջ ապրող թշուառներու աշխարհը։ Փոքրիկ Օլիվըրի հետ ընթերցողը տխրեցաւ ու տառապեցաւ անոր կրած տանջանքներու համար։
19 դեկտեմբեր 1843-ին լոյս տեսաւ «Քրիսմըս Քարոլ»ը, որ ան այս գիրքը կը նկարագրէ որպէս «փոքրիկ Սուրբ Ծննդեան գիրք»։ Մէկ շաբթուան ընթացքին վաճառուեցաւ վեց հազար օրինակ:
Գիրքը կը պատմէ, թէ յամառ, ագահ եւ տհաճ ծերուկ մը (Էպինէյզըր Սքրուչ) ինչպէս փոխուեցաւ մէկ գիշերուան մէջ: Երեք հոգի կը տեսնէ Ծննդեան տօնի երազին մէջ. անոնք անցեալի, ներկայի եւ ապագայի հոգիներն են: Իրենց հետ կարճ ճանապարհորդութիւններ կ՚ընէ (մէկ առ մէկ)։ Վերջապէս ան կը դառնայ լաւ եւ օգտակար անձնաւորութիւն մը:
Իսկ «Տէյվիտ Քափփըրֆիլտ» վէպը լոյս տեսաւ 1850-ին։ Գիրքը ինքնակենսագրական տարրեր ունի, կեանքի պատմութիւն մըն է, ուր գլխաւոր հերոսը կը պայքարի անարդարութեան եւ անիրաւութեան դէմ։ Մարդիկ այսօր ալ սիրով կ՚ընթերցեն պատմութիւնները Տիքընսի հերոսներու, որոնք կ՚անցնին ծանր ու դժուար փորձութիւններու մէջէն՝ յանուն արդար կեանքի եւ արժանապատուութեան։
Չարլզ Տիքընս գրեց նաեւ «Պարոն Փիքուիքի յուշերը» (1837), «Նիքոլաս Նիքելպի» (1839), «Հնավաճառի խանութ» (1841), «Տոմպի եւ որդին» (1848), «Տխրութեան տունը» (1853), «Երկու քաղաքի պատմութիւն» (1859), «Էտուին Տրուտի գաղտնիքը» (1870) եւ այլն։ Անոր շարք մը գործերու հիման վրայ նկարահանուեցան գեղարուեստական շարժանկարներ. «Օլիվըր Թուիստ» 1969 թուականին, արժանացաւ Օսքար մրցանակի։
Տիքընսի ստեղծագործութիւնները առաջին անգամ հայերէնի թարգմանուեցան 1882 թուականին։
Ան 1858 թուականէն սկսեալ սկսաւ դասախօսութիւններ տալ: Վերջերս, ան շատ յոգնած էր եւ ստիպուեցաւ Կատշիլի իր տանը մէջ հանգիստի քաշուիլ:
Չարլզ Տիքընս իր համբաւի գագաթնակէտին 9 յունիս 1870 թուականին, մահացաւ Լոնտոնի մէջ: Գերեզմանը կը գտնուի Լոնտոնի Ուեսթմինսթըր եկեղեցիին մէջ: