Ալեք Զարիֆեան՝ Ամերիկայի Ճարտարապետներու Հիմնարկի Համաժողովի Անդամ
Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն ճարտարապետական հիմնարկներէն մէկը հանդիսացող «Սմիթկրուփ» հաստատութեան Լոս Անճելըսի կեդրոնէն Կլենտէյլի համայնքէն ներս գործօն անդամ Ալեք Զարիֆեան վերջերս ընտրուեցաւ Ամերիկայի Ճարտարապետներու հիմնարկի ճարտարապետներու համաժողովի անդամ՝ հանդիսանալով այս տարի Միացեալ Նահանգներու այդ հեղինակաւոր պատուին արժանացած 149 ճարտարապետներէն մէկը:
Ալեք Զարիֆեան ներկայիս գլխաւոր ձեւաւորողն է Հարաւային Գալիֆորնիոյ առողջապահութեան ոլորտին համար «Սմիթկրուփ» հաստատութեան կողմէ իրականացուող շարք մը ծրագիրներու, ներառեալ՝ Տաունիի եւ Չուլա Վիսթայի մէջ, որոնց արժէքը յաջորդաբար 228 եւ 240 միլիոն տոլար է: Ան նաեւ եղած է կրթական, գիտական եւ արհեստագիտական մարզերու համար կառուցուած շարք մը համալիրներու գլխաւոր ձեւաւորողը:
Զարիֆեան Ամերիկայի Ճարտարապետներու հիմնարկին մօտիկ գործակից մը եղած է եւ 2009-2014 թուականներուն երկու առիթներով հիմնարկի Գալիֆորնիոյ վարչութեան անդամ ու Փասատինա-Ֆութհիլ մասնաճիւղի նախագահ: Իսկ վերջին տասնհինգ տարիներուն, ան նաեւ շրջանի ճարտարապետական համալսարաններուն մէջ ծառայութիւն տարած է իբրեւ այցելու քննադատ: