ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՔԱՅԼԵՐ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ դիւանագիտական երթեւեկը կը շարունակուի։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այս շրջագծով այցելեց Պաքու։ Երէկ, ռուս նախարարը հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որու կողքին էր նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ հարցեր։ Լաւրով ընդգծեց, թէ հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ յստակ քայլեր կը քննարկուին տեսակցութեան ընթացքին։ Ռուս նախարարի խօսքերով, իրականութեան մէջ գործընթացը կը շարունակուի։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին բաւարարուած է Սեն Փեթերսպուրկի մէջ՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ կազմակերպուած եռակողմանի հանդիպումէն։ «Իր յանձնարարութեամբ ես կ՚այցելեմ երկու երկիրներու մայրաքաղաքները», ըսաւ Սէրկէյ Լաւրով եւ յոյս յայտնեց, թէ Ալիեւի հետ հանդիպումը թոյլ կու տայ աւելի յստակօրէն ուրուագծել հետագայ քայլերը։ Լաւրով համոզուած է, թէ իր այցելութիւնը կը նպաստէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։ «Մոսկուա կը գնահատէ ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով ռուսական նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ Պաքուի վերաբերմունքը», ըսաւ Սէրկէյ Լաւրով Ալիեւի հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին։
Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած Ալիեւ-Լաւրով տեսակցութենէն վերջ, այս առաւօտ ալ Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Լաւրով-Մամէտեարով տեսակցութիւնը՝ նոյն օրակարգով։
Մինչ Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն պարբերաբար խախտել հրադադարը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ կը շարունակեն յառաջ տանիլ իրենց գործունէութիւնը։ Երէկ, եռանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա) նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ Վիեննայի մէջ ժողովի մը մասնակցեցան ԵԱՀԿ-ի կեդրոնէն ներս։ Այս առթիւ անոնք մէկտեղուեցան Մինսքեան խմբակի անդամ բոլոր երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ըստ Իկոր Փոփովի, ընդհանուր առմամբ այս հանդիպումը ձօնուած էր համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուած վերջին միջնորդական ջանքերուն եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովի արդիւնքներուն տրուած գնահատականներուն։ «Իմ ֆրանսացի եւ ամերիկացի գործընկերները ներկայացուցին, թէ ինչ զրոյցներ ունեցած են Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ եւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի։ Մենք նաեւ խօսած ենք այն մասին, թէ ինչպէս պէտք է կառուցել միջնորդական հետագայ աշխատանքը», յայտնեց Իկոր Փոփով։
Համանախագահները Վիեննայի մէջ տեղեկացուցին նաեւ, թէ կը պատրաստուին յառաջիկայ շրջանին դարձեալ այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Յստակ ժամկէտներ տակաւին չեն որոշուած։ «Բնականաբար մենք պիտի երթանք, սակայն տակաւին ժամկէտ չկայ, սա կը քննարկուի կողմերուն հետ, թէ ե՛րբ յարմար կ՚ըլլայ անոնց համար՝ հաշուի առնելով անոնց աշխատանքային ժամանակացոյցը», ըսաւ Իկոր Փոփով։
Միւս կողմէ, Ճոն Քերին ալ յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր պիտի հիւրընկալուի Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, թէ Քերի-Լաւրով տեսակցութեան օրակարգին մաս պիտի կազմէ այս նիւթը։
Ճոն Քերի Մոսկուա պիտի մեկնի յառաջիկայ Հինգշաբթի՝ 14 Յուլիսի երեկոյեան։ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրով Քերի Փարիզի մէջ պիտի մասնակցի Ֆրանսայի ազգային տօնի արարողութիւններուն, աւելի վերջ պիտի ուղեւորուի դէպի Մոսկուա։ Անցեալ շաբաթավերջին, Վարշաւիոյ մէջ կազմակերպուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ընթացքին թէ՛ Օլանտ եւ թէ Քերի առանձին տեսակցութիւններ ունեցած էին Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Վարշաւիայէն միջոց մը առաջ Փութին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ միասնաբար տեսակցած էր Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ։ Իսկ ներկայիս Լաւրով արդէն աւարտին հասցուցած է դէպի Երեւան եւ Պաքու այցելութիւնները։ Այս բոլորէն վերջ, Քերի եւ Լաւրով Մոսկուայի մէջ պիտի տեսակցին ու պիտի համադրեն ցարդ կատարուած միջնորդական աշխատանքները, որոնք թափ ստացած են Ապրիլի սկիզբին տեղի ունեցած ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններէն վերջ։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շրջագծով ներկայիս միջնորդները մէկ կողմէ աշխատանք կը տանին հակամարտ կողմերուն հետ, իսկ միւս կողմէ՝ իրարու միջեւ կը համակարգեն այդ նախաձեռնութիւնները։