ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԶՈՀ

Հա­լէ­պի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կուած է սու­րիա­կան բա­նա­կի հա­լէ­պա­հայ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յող Փա­նոս Ա­ղա­զա­րեան, որ ծնած է 1994 թուա­կա­նին։

Մինչ այդ, վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ կը հրթի­ռա­կու­ծուին Հա­լէ­պի Պուս­թան ալ Քա­սըր, Մուն­շիէ, Ճը­տէյ­տէ, Սէյֆ ալ Տաու­լէ, Աշ­րա­ֆիէ, Շէյխ Թա­հա, Սաատ Ալ­լահ Ճապ­րի, Մե­րի­տիէն եւ այլ շրջան­ներ։

Ըստ «Գան­ձա­սար»ի, բնակ­չու­թեան յանձ­նա­րա­րուած է տե­ղա­ւո­րուիլ բնա­կա­րան­նե­րու ա­ռա­ւել ա­պա­հով եւ պա­տու­հան­նե­րէ հե­ռու սե­նեակ­նե­րու մէջ՝ զերծ մնա­լու վտանգ­նե­րէ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 12, 2016