Հայաստան Զբօսաշրջիկներու ԱյցԻ Արժանի Երկիրներու Ցանկին ՎՐԱՅ
Հեղինակաւոր National Geographic ամսագիրը անդրադարձած է աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող տասն երկրի, որոնք արժանի են աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու այցելութեան:
Այդ երկիրներու շարքին ներառուած է նաեւ Հայաստանը, որուն վերաբերեալ լրագրող Թարա Իզապելլա Պըրթըն կը գրէ.
«Չնայած, որ Հայաստանը շատերու մօտ կը մտազուգորդուի հակամարտութեան հետ, այնուհանդերձ՝ այս երկիրը այժմ խաղաղ ու ապահով վայր մըն է՝ զարգացող զբօսաշրջային ենթակառուցուածքով: Այստեղ մասնաւորապէս զարգացած է գիւղական զբօսաշրջութիւնը, որ միտուած է գրաւելու երկրի՝ շատերուն համար անյայտ բնական ու ճարտարապետական գեղեցկութիւնները փնտռող արկածասէրները:
«Քիչեր գիտեն, որ Հայաստան քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած աշխարհի առաջին երկիրն է: Անոր հնագոյն եկեղեցիները, որոնք բազմած են զմրուխտեայ կանաչի մէջ, թաղուած կիրճերու եւ լեռնալանջերու վրայ, աշխարհի ամենալաւ պահպանուած նմոյշներէն են: Գեղարդի ժայռափոր վանքին քարէ առիւծներն ու Սանահինի նրբակերտ խաչքարերը կանգնած են իբրեւ աշխարհի ամենահին, սակայն աշխարհին քիչ յայտնի քաղաքակրթութիւններէն մէկուն ստեղծագործ ուժի լուռ վկաներ»:
Պըրթըն ընթերցողներուն նաեւ խորհուրդ կու տայ Հայաստան այցելելու պարագային անպայման երթալ Սիւնիքի մարզ ու զմայլիլ տեղւոյն հրաշալի բնութեամբ, առատ կանաչով, հնագոյն քարանձաւներով եւ, ի հարկէ, Տաթեւի վանքով:
Մինչ այդ, Հայաստանէն բացի՝ աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու այցելութեան արժանի երկիրներու ցանկին մէջ ներառուած են Նիքարակուան, Իրանը, Նեփալը, Քոսովան, Էօզպեքիստանը, Ալպանիան, Վրաստանը, Թունուզը եւ Արեւելեան Թիմորը: