Շուշիի Մէջ «Սասունցի Դաւիթ» ՕփերայիՆ Անդրանիկ Ներկայացումը

Շու­շիի մէջ, Սեպ­տեմ­բեր 1-ին, պի­տի կա­յա­նայ «Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ» օ­փե­րա­յի անդ­րա­նիկ ներ­կա­յա­ցու­մը, այ­նու­հե­տեւ՝ Սեպ­տեմ­բեր 7-ին կամ 8-ին՝ Ե­րե­ւա­նի Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­միա­կան թատ­րո­նին մէջ: «Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ» օ­փե­րա­յով պի­տի բա­ցուի թատ­րո­նի  83-րդ թա­տե­րաշր­ջա­նը։ Այս մա­սին խօսած է թատ­րո­նի տնօ­րէն Անդ­րա­նիկ Ար­զու­մա­նեան: Ան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ օ­փե­րան պի­տի ըլ­լայ թատ­րո­նի խա­ղա­ցան­կա­յին ներ­կա­յա­ցու­մը: Ըստ Անդ­րա­նիկ Ար­զու­մա­նեա­նի, նոր օ­փե­րա է, եր­բեք չէ ներ­կա­յա­ցուած օ­փե­րա­յին թատ­րո­նի մէջ: Ա­նոր հե­ղի­նակն է ե­րաժշ­տա­հան Հա­րօ Ստե­փա­նեան (1897-1966 թթ.):

Թատ­րո­նի տնօ­րէ­նը յայտ­նած է, որ մին­չեւ տա­րե­վերջ  տե­ղի պի­տի ու­նե­նան նաեւ «Թոս­քա» օ­փե­րա­յի եւ «Դի­մա­կա­հան­դէս» պա­լէի անդ­րա­նիկ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը:

Խօ­սե­լով 82-րդ թա­տե­րաշր­ջա­նին մա­սին, Անդ­րա­նիկ Ար­զու­մա­նեան ը­սած է, որ 2015-2016 տա­րեշր­ջա­նի ծրա­գիր­նե­րուն 80-90 տո­կո­սը ի­րա­կա­նա­ցած է, կա­յա­ցած են «Քար­մեն», «Նոր­մա» օ­փե­րա­նե­րուն անդ­րա­նիկ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը:

«Գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Գե­ղամ Գրի­գո­րեա­նի հետ մեծ ծրագ­րեր  մշա­կած էինք: Ո­րոշ մա­սը ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք: Այն ծրագ­րե­րը, զորս նա­խա­տե­սած էինք, բայց չհաս­ցու­ցինք կա­տա­րել, մեր պարտ­քը կը հա­մա­րենք ան­պայ­ման ի­րա­կա­նաց­նել», նշած է ան:

Երեքշաբթի, Յուլիս 12, 2016