Տեղի Ունեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի 4-րդ Փուլի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Ե­րէկ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սփիւռ­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հայ­րե­նա­ճա­նա­չու­թեան «Ա­րի տուն» ծրա­գ­րի 4-րդ փու­լի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:

4-րդ փու­լին կը մաս­նակ­ցի 124 պա­տա­նի ու աղ­ջիկ՝ Ռու­սաս­տա­նէն, Ուք­րա­յնա­յէն, Վրաս­տա­նէն, Պելժի­այէն, Սպիտակ Ռուսիայէն, Շուէ­տէն, Գեր­մա­նիա­յէն, Ֆրան­սա­յէն, Պուլ­կա­րիա­յէն, Հո­լան­տա­յէն, Կիպ­րո­սէն, Սու­րիա­յէն, Ղա­զախիս­տա­նէն,  Լի­բա­նա­նէն, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն:

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հայաստանի Ս­փիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան: Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս նշեց. «Սի­րե­լի՛ պա­տա­նի­ներ ու աղ­ջիկ­ներ, բա­րով եկաք Հայ­րե­նիք, հա­մայն հա­յու­թեան մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւան եւ Ձեր նա­խա­րա­րու­թիւն: Հա­մո­զուած եմ, որ տասնչորս օ­րե­րու ըն­թաց­քին դուք կը տես­նէք եւ կը ծա­նօ­թա­նաք Հա­յաս­տա­նի տե­սար­ժան վայ­րե­րուն, իսկ ձեզի հա­մար կազ­մա­կեր­պուող հայ­րե­նա­գի­տու­թեան դա­սըն­թաց­քնե­րուն գործօն մաս­նակ­ցե­լով՝ կը ծա­նօ­թա­նաք հա­յոց պատ­մու­թեա­ն, հայ մշա­կու­թին եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն, կը սկսիք ա­ռա­ւել վարժ խօ­սիլ եւ գրել մայ­րե­նի լե­զուով»:

Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ մաս­նա­կից­նե­րը պի­տի այ­ցե­լեն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, Ծիծեռնակա-բերդ, թան­գա­րան եւ Ե­ռաբ­լուր՝ յար­գան­քի, խո­նար­հու­մի այն գլխա­ւոր վայ­րե­րը, ուր մտնե­լուն ա­մէն հայ  կ՚ապ­րի հպար­տու­թեան եւ ակ­նա­ծան­քի զգա­ցո­ղու­թիւն:

«Դուք պիտի այցելէք նաեւ հա­յոց բա­նա­կի զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կը, պիտի ծա­նօ­թա­նաք մեր սահ­ման­ները ա­նա­ռիկ պա­հող հայ զի­նուոր­նե­րու հետ, ընդգ­ծեց նա­խա­րա­րը՝ ա­ւելց­նե­լով, մենք յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ձեր ծնող­նե­րուն, որ վստա­հե­ցան «Ա­րի տուն» ծրագ­րին եւ ձեզ ու­ղար­կե­ցին հայ­րե­նիք: Շնոր­հա­կալ ենք նաեւ հիւ­րըն­կալ ըն­տա­նիք­նե­րուն, որ այն­քան սի­րով ու հո­գա­տա­րու­թեամբ ձեզ կ՚ընդունին ի­րենց օ­ճախ­նե­րուն մէջ»:

Այ­նու­հե­տեւ նա­խա­րա­րը «Ա­րի տուն» ծրա­գ­րի տար­բե­րան­շա­նով շա­պիկ հագ­ցուց 4-րդ փու­լի ա­մե­նակրտ­սեր մաս­նա­կի­ցին՝ ԱՄՆ-էն ժա­մա­նած 13-ա­մեայ Դա­ւիթ Աբ­րա­հա­մեա­նին:

Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց  Կիպ­րո­սէն ժա­մա­նած «Նա­րեկ» վար­ժա­րա­նի սա­նե­րուն. «Նա­խա­րա­րու­թիւնը ա­մէն տա­րի կը հիւ­րըն­կա­լէ նա­րեկ­ցի­նե­րը, որոնք կար­ծես ուխ­տագ­նա­ցու­թեան կու գան Հա­յաս­տան»:

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով Հայաստանի Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ նա­խա­րա­րին՝ ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան, հո­գա­տար վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար՝ Կիպ­րո­սի խում­բի ղե­կա­վար Վիո­լէթ Թաշ­ճեան նշեց. «Նա­րեկ» վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը  ամ­բողջ տա­րի  մը ան­համ­բե­րու­թեամբ եւ կա­րօ­տով կը սպա­սեն Հայ­րե­նիք այ­ցին: Մենք գի­տենք, որ Հա­յաս­տա­նէն հե­ռու մեր Հայ­րե­նի­քը մայ­րե­նին է, եւ մեր վար­ժա­րա­նէն ներս ա­մէն ինչ կ՚ը­նենք ե­րա­խա­նե­րուն հա­յե­րէ­նը լաւ սոր­վեց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ»:

Այ­նու­հե­տեւ ա­րի­տուն­ցի­նե­րուն՝ յո­տն­կայս եւ բարձր ծա­փող­ջոյն­նե­րու ներ­քոյ հնչեց «Հայ­կա­կան բա­նակ» եր­գը: Մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենք ալ սի­րով աս­մուն­քե­ցին եւ կա­տա­րե­ցին հայ ազ­գագ­րա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր:

Երեքշաբթի, Յուլիս 12, 2016