ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԷՏԵԱՐՈՎ ԵՐԷԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ, որոնց նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր տեսակցութիւնը։ Սա Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ու նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն վերջ երկու երկիներու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեղի ունեցած առաջին շփումը եղաւ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ հանդիպումը կազմակերպելու համար եւ ընդգծեց անոնց հովանաւորութեան ներքեւ խաղաղութեան գործընթացի կարեւորութիւնն ու բանակցութիւններու թափի պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ Հանդիպումը ունէր ճանաչողական բնոյթ եւ միտուած էր կողմերու տեսակէտներու փոխադարձ ծանօթացման։

Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ բանակցային գործընթացը այլընտրանք չունի։ Այս համատեսքին մէջ ան կարեւորեց խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումը, փոխադարձ վստահութեան ամրապնդումը, լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ քայլերը, հրադադարի անշեղ պահպանումն ու ռազմատենչ հռետորաբանութենէ հրաժարումը։ Մնացականեան նշեց, որ հակամարտութեան բոլոր կողմերու իրատես ու շինիչ ներգրաւուածութիւնը առաջնային նշանակութիւն ունի տեւական խաղաղութեան հասնելու ջանքերու արդիւնաւէտութեան համար։

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Համանախագահները նախարարներուն ներկայացուցին իրենց յառաջիկայ ծրագրերը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ յետագայ քայլերուն։

Զօհրապ Մնացականեան Պրիւքսել մեկնած է՝ մաս կազմելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան, որ կը մասնակցի ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին։ Նախարար Մնացականեան աւելի վերջ պիտի ուղեւորուի դէպի Նիւ Եորք, ուր ելոյթ պիտի ունենայ համաժողովի մը ընթացքին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018