ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՀԵՐՔՈՒՄ

Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի շարք մը լրատուամիջոցներուն կողմէ վերջին օրերուն տարածուած լուրերը, ըստ որոնց Փարիզի ղեկավարութիւնը ջնջած է արգելքը՝ Ատրպէյճանին ռազմական արդիւնաբերութեան արտադրանք արտածելու ուղղութեամբ։ Այդ պնդումները վերջին օրերուն լուրջ արձագանգ գտած էին Հայաստանի մէջ։

Մինչ այդ լուրերը հերքուեցան, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոտ յայտարարեց, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական փոփոխութիւնները նոր աշխուժութիւն մը կու տան Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպանը մատնանշեց, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները չափազանց դրական ընկալուած են Ֆրանսայի մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018