ԱՅՑ՝ ԴԷՊԻ ԿՂԶԻԻ ՀԻՒՍԻՍԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջերս այցելած է Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, այս այցելութիւնը տեղի ունեցած է յունիսի 28-ին։ Ըստ երեւոյթին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները բաւական ուշ կը հրապարակեն այս ուղեւորութեան մասին։ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընկերացած են Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Յունական Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան։

Նիկոսիոյ թրքական հակակշռի տակ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ յարակից համալիրի առաջնորդարանն ու Մելիքեան-Ուզունեան դպրոցը այցելած է Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Բաց աստի, Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Նիկոսիայէն շուրջ ժամ մը ճանապարհ կտրելով հասած է նաեւ Ս. Մակարա պատմական վանքը։ Ժ. դարուն կառուցուած այս վանքը հաստատուած է Հալեւկա նահանգի ծայրամասը, Փենտաքտիլոս լեռներու լանջին։ Պատմական Կիլիկիոյ ճիշդ դիմացը կը գտնուի այդ վանքը։ Աւելի քան 12 քառակուսի քիլօմեթր լեռնալանջէն մինչեւ ծովեզերք տարածքի մը մէջ խարսխուած է ան, գեղեցիկ բնութեան ծոցին։ Ս. Մակարա վանքը եղած է հոգեմտաւոր մշակոյթի կարեւոր կեդրոն մը՝ հարուստ ձեռագրերով, սրբանկարներով եւ այլն։

Անթիլիասի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ բաւական բուռն արտայայտութիւններով նկարագրուած է այդ բոլոր վայրերու ներկայ անմխիթար վիճակը, որուն ականատես դարձած է Նորին Սրբութիւնը։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019