ՏԵՍԼԱԿԱՆ ՈՒ ՆՊԱՏԱԿ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ամառնային ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները։ Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ սփիւռքահայ խումբ մը երիտասարդներ Երեւանի մէջ կ՚ունենան ամառնային մասնագիտական փորձառութիւն, նաեւ մասնակցութիւն կը բերեն «Երաժշտական Հայաստան» նախագծին։ Նախագահական ապարանքէն ներս այդ սփիւռքահայ երիտասարդները երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալւեցան Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին նախագահը պատասխանեց նաեւ երիտասարդներու հարցումներուն։ Զրոյցի տեւողութեան ան շեշտը դրաւ տեսլական մը ունենալու կարեւորութեան վրայ եւ ըսաւ.

«Մենք պէտք է զարգացման տեսլական մը ունենանք՝ ո՛ւր կ՚երթանք, ի՛նչ ուղղութեամբ պէտք է զարգանանք։ Պէտք է հասկնանք, թէ ինչպի՛սի երկիր մը ունենալ կ՚ուզենք երեսուն կամ յիսուն տարի վերջ, մենք պէտք է վերլուծենք, թէ աշխարհ երեսուն կամ յիսուն տարի վերջ ո՛ւր պիտի ըլլայ։ Մեր երկրի զարգացումը պէտք է ըլլայ այդ համատեսքին մէջ։ Ուստի, մեր առաջին քայլը պէտք է ըլլայ վերլուծել, հասկնալ, թէ աշխարհ ո՛ր ուղղութեամբ յառաջ պիտի ընթանայ, երկրորդը՝ մենք ո՛ւր ըլլալ կ՚ուզենք այդ զարգացման համատեսքին մէջ։ Պէտք է հաշուարկել, թէ ի՛նչ պէտք է ընել մեզի համար ցանկալի տեղը հասնելու համար։ Սա կը կոչուի տեսլական, բայց մինչեւ տեսլականը մենք պէտք է վերլուծենք, մենք պէտք է ունենանք նպատակ։ Տեսլական ունենալը բաւարար չէ։ Ան կրնայ ընդամէնը երազանք մնալ, եթէ չունենանք ռազմավարութիւն, չունենանք անկէ բխած գործողութիւններու ծրագիր, որու իրականացումը մեզ պիտի մօտեցնէ մեր տեսլականին»։

Երիտասարդներու հետ զրուցելու ժամանակ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդը սփռուած է ամբողջ աշխարհի մէջ, ունի իւրօրինակ ցանց մը, ինչ որ հսկայական արժէք ու առաւելութիւն է արդի աշխարհի մէջ։ «Այնպէս որ, պէտք է կարողանանք մեր առաւելութիւնը օգտագործել յաջողութեան հասնելու մեր մոտելին, մեր ռազմավարութեան մէջ։ Մեր ունեցածը պարզ ցանց մը չէ, մեզ կը միաւորեն մեր ինքնութիւնը, պատմութիւնը, ընտանիքը, մշակոյթը եւ առաքելութիւնը», ընդգծեց նախագահը։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019