ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԽԱՂԵՐԸ ԱՅՍՕՐ Կ՚ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րը ա­ւե­լի քան շա­բա­թէ մը ի վեր ա­ռար­կայ դար­ձան հա­մայն հա­յու­թեան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Հե­տաքրք­րու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փակ չմնաց տեղ­ւոյն վրայ ստեղ­ծուած խան­դա­վա­ռու­թիւ­նով, ո­րով­հե­տեւ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն Հա­յաս­տան մեկ­նած պատուի­րա­կու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րու հա­րա­զատ­ներն ալ ի­րենց ապ­րած մի­ջա­վայ­րին մէջ ու­շի ու­շով հե­տե­ւե­ցան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Խա­ղե­րու ծրագ­րին մէջ ընդգր­կուած նոր մար­զա­ձե­ւե­րը եւս ար­ժա­նա­ցան միւս­նե­րուն հա­մա­զօր ու­շադ­րու­թեան։ Այս ծի­րին մէջ ա­ռանձ­նա­ցաւ կոլ­ֆը։ Իսկ մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը զգա­լի էր ա­մէ­նու­րեք։ Մե­ծա­դիր պաս­տառ­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ խա­ղե­րուն զի­նան­շան­նե­րը՝ ա­մէն տեղ կա­րե­լի էր տես­նել հա­մա­պա­տաս­խան խորհր­դան­շան­ներ։

Ե­րե­ւա­նի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րու փակ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2015