Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԶՈՀՈՒԱԾ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ զոհուեցաւ 22-ամեայ հայազգի զինուոր մը՝ Հաբէթ Մանուկ Աբիկեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զապատանի շրջանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած բախումներուն զոհ գացած է Աբիկեան, որ կը կռուէր Սուրիոյ բանակի շարքերէն ներս։ Ան ծնած էր 1993 թուականին։
Սուրիոյ մէջ չորս տարիէ ի վեր կը շարունակուի ներքին պատերազմը եւ ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ զոհերուն թիւը հասած է երկու հարիւր հազարի։ Այնտեղ զոհուած հայերուն թիւն ալ գերազանցած է հարիւրի սահմանը։
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2015