ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Ե­րի­տա­սար­դու­թեան մի­ջազ­գա­յին տօ­նի օ­րուան կա­պակ­ցու­թեամբ այ­սօր՝ Ար­ցա­խի շրջան­նե­րուն եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ կը կազ­մա­կեր­պուին տօ­նա­կան շարք մը ձեռ­նարկ­ներ:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մա­յա­րա­քա­ղա­քը՝ Ստե­փա­նա­կեր­տի Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ա­նուան մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի բա­կին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ տօ­նա­կան հա­մերգ:

Ե­րի­տա­սար­դու­թեան մի­ջազ­գա­յին տօ­նի օ­րուան ա­ռի­թով ձեռ­նարկ­ներ կը կա­յա­նան նաեւ Շու­շիի մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ՝ մտա­ւոր խաղ, Հադ­րու­թի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Ի՛նչ, ո՛ւր, ե՛րբ» մտա­ւոր խա­ղը, ազ­գագ­րա­կան պա­րե­րու բաց դաս, ժա­մա­նա­կա­կից պա­րեր:

Մար­տու­նիի մշա­կոյ­թի պա­լա­տին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ տօ­նա­կան հա­մերգ: Աս­կե­րա­նի մէջ՝ մտա­ւոր խաղ, ինչ­պէս նաեւ ե­րե­կո­յեան  կը կազ­մա­կեր­պուի տօ­նա­կան հա­մերգ:

Շա­հու­մեա­նի շրջա­նին մէջ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ կը կազ­մա­կեր­պուին զրոյց-քննար­կում­ներ՝ ռազ­մա­հայ­րե­նա­սի­րա­կան թե­մա­յով, իսկ Մար­տա­կեր­տի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ար­շաւ՝ դէ­պի Կարմ­րա­վանք ե­կե­ղե­ցի:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016