Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ԿՆԵԱԶԵԱՆԻ ՎԱՍՏԱԿԸ
Չինաստանի հայկական համայնքի գործադիր մարմինը կրթական հարցերու փոխ-նախագահ ընտրեց Մերի Կնեազեանը:
Ան բեղուն գործունէութիւն ցուցաբերած է համայնքէն ներս եւ հեղինակ է տասնեակ մը գիտական յօդուածներու: Կնեազեան ստացած է շարք մը մասնագիտական վկայագրեր եւ պատուոյ գրեր, որոնցմէ վերջինը՝ Չինաստանի հայկական համայնքի նախագահին կողմէ՝ հայապահպանութեան գործին մէջ իր ունեցած ներդրումին համար: Մերի Կնեազեանի շնորհիւ՝ հայոց լեզուն առաջին անգամ տեղ գտաւ Չինաստանի լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն ակադեմական ցանկին մէջ: Ան մինչ օրս կը շարունակէ հայերէն դասաւանդել չին ուսանողներու:
Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016