ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉՈՒՆՔ

Շու­շիի մէջ սկսաւ «Յա­կոբ Գիւր­ջեան» քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան չոր­րորդ մի­ջազ­գա­յին կո­չուն­քը: Այս մա­սին յայտ­նած է «Շու­շի քա­ղա­քի թան­գա­րան­ներ» ՊՈԱԿ-ի տնօ­րէն Լու­սի­նէ Գաս­պա­րեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած Շու­շիի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան կո­չուն­քը մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, մշա­կու­թա­յին ու մաս­նա­գի­տա­կան երկ­խօ­սու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ո­գեշնչ­ման հար­թակ է ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու հա­մար:

Կո­չուն­քի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Օ­գոս­տո­սի 10-ին՝ Շու­շիի Կեր­պա­րուես­տի պե­տա­կան թան­գա­րա­նի պու­րա­կին մէջ: Քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան չոր­րորդ մի­ջազ­գա­յին կո­չուն­քին պի­տի մաս­նակ­ցին տաս­նեակ քան­դա­կա­գործ­ներ՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Չի­նաս­տա­նէն, Լե­հաս­տա­նէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Հա­յաս­տա­նէն ու Ար­ցա­խէն:

«Քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան փա­ռա­տօ­նը ա­ռիթ մըն է գե­ղա­րուես­տի շուրջ հա­մախմ­բե­լու մեր հին ու նոր բա­րե­կամ­նե­րուն, ստեղ­ծե­լու հա­մար ա­րուես­տի գոր­ծեր, ո­րոնք Շու­շիի մշա­կու­թա­յին նոր կեր­պա­րին մաս կը կազ­մեն եւ կը յի­շեց­նեն գե­ղե­ցի­կի ու հո­գե­ւո­րի յա­ւեր­ժու­թեան մա­սին», ը­սած է Լու­սի­նէ Գաս­պա­րեան, նշե­լով, որ կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Սշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ «Ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րու հիմ­նադ­րամ»ը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016