ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆԿԱՆՈՆ ԳԱՂԹԻ ԱԼԻՔԻ ՄԸ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ ՉԻ ԳՏՆՈՒԻՐ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ դէպի Թուրքիա անկանոն գաղթի ալիք մը խնդրոյ առարկայ չէ։ Նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերի վրայ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ շարք մը հեռուստակայաններէ։ Չանքայայի ապարանքէն կատարուեցաւ հեռարձակումը, որու ընթացքին Էրտողան պատասխանեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հարցումներուն։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Աֆղանիստանէն դէպի Թուրքիա գաղթի ալիքի վերաբերեալ հարցին։ Վերջին շրջանին այս խնդիրը հրատապ օրակարգ դարձած է Թուրքիոյ մէջ, մինչ ընդդիմութեան ղեկավարներն ալ կ՚ահազանգեն՝ բաւական սուր ձեւով քննադատելով իշխանութիւնը։ «Բոլորը պէտք է գիտնան, որ քմահաճ ձեւով կարելի չէ Թուրքիա մուտք գործել», ստեղծուած իրավիճակին մէջ ըսաւ Հանրապետութեան նախագահը։

Երէկուան ուղիղ եթերի ընթացքին Էրտողան դիտել տուաւ, որ Աֆղանիստանի ժողովուրդը շատ դժուարին կացութեան մը մատնուած է վերջին իրադարձութիւններուն հետեւանքով։ Թալիպանի հետ անոնց ապրած գործընթացը շատ բարդ է։ Թուրքիա այս հարցին շուրջ զանազան աշխատանքներ յառաջ կը տանի։ «Այս պահուն մեր պատկան կառոյցները աշխատանք կը տանին՝ ներառեալ նոյնիսկ Թալիպանի հետ կարգ մը տեսակցութիւններ։ Նոյնիսկ խնդրոյ առարկայ կրնայ ըլլալ, որ ես ընդունիմ անոնց ղեկավարի դիրքին վրայ գտնուելիք անձը», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Քաթարի ղեկավարութեան հետ ալ շօշափած է այս խնդիրը։

«Եթէ նման պարագաներով բարձր մակարդակի վրայ այս բոլորը հակակշռի տակ չկարողանանք առնել, այս անգամ Աֆղանիստանէ ներս խաղաղութեան ապահովուիլն ալ կարելի չ՚ըլլար։ Բոլորը պէտք է շատ լաւ գիտնան, թէ քմահաճ ձեւով չեն կրնար Թուրքիա մուտք գործել։ Թէ՛ Իրանի եւ թէ Իրաքի հետ մեր սահմաններուն կառուցուած պատերը լրջօրէն կը բարձրացնենք։ Մեր սահմաններէն անկանոն գաղթի հոսք մը խնդրոյ առարկայ չէ՝ ինչպէս ոմանք ընկերային ցանցերու վրայ կը պնդեն», ըսաւ նախագահ Էրտողան։

Նախագահ Էրտողան տեղեկացուց նաեւ, որ Աֆղանիստանի նախագահ Կանիի եւ Իրանի նախագահ Ռէիսիի հետ եւս հեռախօսազրոյցներու միջոցաւ շօշափած է առկայ խնդիրները։ Նախագահը նաեւ Ռէիսին շնորհաւորած է նոր պաշտօնին առթիւ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021