ԵՐԵՔ ԱՐԾԱԹ, ՄԷԿ ՊՐՈՆԶ

Փարիզի Ողիմպիականները արդէն եզրափակուեցան։ Շուրջ երկու շաբթուան համաշխարհային մրցակցութեան աւարտին, Հայաստանի հաւաքականը՝ մետայլ նուաճած 91 երկիրներու շարքին զբաղեցուց 66-րդ կարգը։ Հայաստան 15 մարզիկով մասնակցեցաւ 33-րդ ամառնային Ողիմպիականներուն եւ արդիւնքին անոնցմէ չորսը նուաճեց մետայլ։

Հայկական հաւաքականէն Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզ), Արթուր Ալեքսանեան (ըմբշամարտ), Վարազդատ Լալայեան (ծանրաբարձութիւն) նուաճեցին արծաթէ մետայլներ։ Անոնց վրայ աւելցաւ նաեւ ըմբիշ Մալխաս Ամոյեանի կողմէ ապահովուած պրոնզէ մետայլը։ Այսպէսով Հայաստան ընդհանուր առմամբ չորս մետայլ կարողացաւ նուաճել։

Հարաւային Կովկասի հինգ երկիրներու շարքին Ողիմպիականներու արդիւնքին յառաջատար դիրքի վրայ կը գտնուի Ատրպէյճան, որուն կը յաջորդեն Վրաստանը, Իրանը, Թուրքիան եւ Հայաստանը։

Ի դէպ, ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանի նուաճած արծաթէ մետայլով հանդերձ, Հայաստան արդէն Ողիմպիականներու պատկան մարմիններուն մօտ բողոքարկած է անոր մասնակցած աւարտական խաղը։ Արդարեւ, Արթուր Ալեքսանեան Իրանի ներկայացուցիչին դիմաց պարտութիւն կրած էր աւարտականին ու բաւարարուած արծաթէ մետայլով։ Բայց եւ այնպէս, թէ՛ մրցման ընթացքին ակնյայտ դարձած է եւ թէ բոլոր տեսանիւթերով վերահաստատուած է, որ իրաւարարը խաղի կանոններու կոպիտ ոտնձգութիւն մը, բացայայտ խախտում մը անտեսած է աւարտական խաղի ընթացքին, ինչ որ ճակատագրական եղած է արդիւնքին տեսակէտէ։ Եթէ այդ խախտումը իրաւարարին կողմէ արդարացուած կամ անտեսուած չըլլար, ապա միանշանակ Արթուր Ալեքսանեան նուաճած պիտի ըլլար ոսկէ մետայլը, ինչ որ ամէն բան փոխած պիտի ըլլար նաեւ հայկական հաւաքականի զբաղեցուցած դիրքին տեսակէտէ։ Այսինքն, Հայաստան առարկութիւն ներկայացուցած է իրաւարարի կողմէ կատարուած սխալին դէմ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 12, 2024