ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻՒ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՇՈՒԷՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Շուէ­տի խորհր­դա­րա­նի Ըն­կե­րա­յին պաշտ­պա­նու­թեան կո­մի­տէին կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը վեր­ջերս այ­ցե­լեց Շիշ­լի։ Այս­պէս, գաղ­թի եւ հա­մարկ­ման նիւ­թե­րուն շուրջ կա­տա­րած դի­տար­կում­նե­րուն շրջագ­ծով՝ այս պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լեց Քուշ­թե­փէ եւ Իզ­զէթ­փա­շա թա­ղա­մա­սե­րը։ Հիւր խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը տեղ­ւոյն վրայ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ շրջա­նէն ներս տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Շուէ­տի խորհր­դա­րա­նի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նի­ւի կող­մէ։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Իս­թան­պու­լի մօտ Շուէ­տի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Եէնս Օտ­լան­տէր։ Շիշլիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ ող­ջու­նեց շուէ­տա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ պա­տաս­խա­նեց ա­նոնց բազ­մաբ­նոյթ հար­ցում­նե­րուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2015