ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՈՒՑԻՉ ԳԱՂՏՆԱԼՍՈՒՄ ԿԱՄ «ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ»

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Երէկ, ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի մը ձայնագրութիւնը։ Սա իսկապէս գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւն մըն էր, որովհետեւ այդ երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հեռախօսազրոյցին ժամանակ կ՚արծարծուէին քաղաքական վերջին աղմկարար ձերբակալութիւններու եւ ենթականերու վերաբերեալ խնդիրներ։ Մինչ այդ, բնականաբար ծայր աստիճան խնդրայարոյց է, որ այդպիսի նուրբ պաշտօններու գլուխ գտնուող անձերու հեռախօսազրոյցը հրապարակուած էր՝ ակնյայտ գաղտնալսումի մը արդիւնքով։ Սա մէկ կողմէ այդ կառոյցներու արհեստավարժութեան տեսակէտէ հարցականներ կը յարուցէ, իսկ միւս կողմէ երեւոյթը Հայաստանի հանրային կարծիքին կը մատուցուի՝ որպէս հակայեղափոխութեան փորձ։ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ անթոյլատրելի համարեց հեռաձայնային խօսակցութեան գաղտնալսումը։ Արթուր Վանեցեան եւ Սասուն Խաչատրեան երէկ անմիջապէս համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով անդրադարձան այս աղմկարար իրադարձութեան ծալքերուն։

Այդ ձերբակալութիւնները եւ ներկայ գաղտնալսման գայթակղութիւնը կը վերաբերի 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի իրադարձութիւններու թղթածրարի վերաբացման։ Երեւանեան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ պիտի հարցաքննուին յառաջիկային։ Երէկ ընկերային ցանցերով շրջանառութեան մէջ մտած աղմկարար հեռախօսազրոյցին շուրջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքի մը ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան Վանեցեանի եւ Խաչատրեանի հեռախօսազրոյցի գաղտնալսումը որակեց դաւադրութիւն պետութեան դէմ։

Երէկ, օրուան ողջ տեւողութեան օրակարգը բնորոշեց այս խնդիրը հայաշխարհէ ներս։ Այսպէս, Հայաստանի հասարակութեան հրամցուեցաւ անօրինական, գայթակղալի հրապարակում մը, որ մեծ աղմուկ ստեղծեց հանրապետութեան մէջ:

Արդարեւ,  «Եութուպ»ի վրայ հրապարակուած է ձայնագրութիւնը Ազգային անվտանգութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային քանի մը զրոյցներու:

Ըստ ձայնագրութեան՝ խօսակցութիւնը Հայաստանի նախկին պաշտօնեաներու, մարտ 1-ի գործին, Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորելու, ՀԱՊԿ-ի քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը կալանաւորելու վտանգին, փաստաբան Վահէ Գրիգորեանի կողմէ սպասուող գրառման, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ այլոց մասին է:

Ձայնագրութեան մէջ Սասուն Խաչատրեան Վանեցեանին կը պատմէ, թէ ինչպէս արձագանգած է Քոչարեան, երբ տեսած է Միքայէլ Յարութիւնեանի հրամանը:

«Ինծի դատաւորը զանգեց, որ ո՛վ պիտի տայ կալանքը, մի քիչ վախցած է, ըսի՝ նայէ ողջ գործը, նայէ, դուխով (համարձակ): Ըսաւ՝ Պարոն Վանեցեան, անգամ մը հիմքերը նայիմ, ըսի՝ նայէ հիմքերը, կը զանգես, կալանքը ուզես-չուզես պիտի տաս: Մէկ խօսքով այդ կը փակուի», կ՚ըսէ Վանեցեան:

Ըստ ձայնագրութեան՝ Սասուն Խաչատրեան նաեւ կը յայտնէ, որ Եուրի Խաչատուրովն ալ կանչած են, «որպէսզի փակեն»:

«Խաչատուրովի հետ գործ չունինք, խայտառակ կ՚ըլլանք, չփակէք, սպասեցէք, պրծնի», կ՚ըսէ Վանեցեան:

Հրապարակուած ձայնագրութեան համաձայն՝ Սասուն Խաչատրեան նաեւ կը յայտնէ, որ փաստաբան Վահէ Գրիգորեան գրառում կը կատարէ՝ բոլոր հարցերուն պատասխանելով. «Վահէն կը խօսի որպէս փորձագէտ»:

Արթուր Վանեցեան, ըստ այս հրապարակուած ձայնագրութեան, անգամ մը եւս կը յորդորէ Եուրի Խաչատուրովի հարցով ուշադիր ըլլալ. «Ախպեր, խնդրում եմ, Խաչատուրովինը ուշադիր նայեցէք, չնայած վարչապետը կ՚ըսէ՝ փակեցէք, բայց ռուսերը…»:

«Ինքը իրաւունք չունէր պաշտպանութեան նախարարի հրամանի հիման վրայ զօրքը օգտագործել: Այդ ժամանակ մինակ նախագահը ունէր նման հրաման ստորագրել», կ՚ըսէ Սասուն Խաչատրեան:

Ուժային կառոյցներու երկու պաշտօնատարները հաստատած են, որ հեռաձայնային զրոյցը տեղի ունեցած է: Վանեցեան այս խօսակցութիւնը ունեցած է Ժընեւ եղած ժամանակ:

«Կ՚ուզեմ հաստատել, որ այդ խօսակցութիւնը մեր մասնակցութեամբ է, եւ շատ տարօրինակ է, որ գաղտնալսուած է ԱԱԾ-ի տնօրէնի եւ ՅՔԾ-ի պետի խօսակցութիւնը: Այդ մտահոգիչ փաստ է, որու հետ կապուած կ՚ըլլայ մանրակրկիտ քննութիւն, եւ կը պարզուի ձայնագրութեան աղբիւրը: Գլխաւոր դատախազութեան մէջ ալ արդէն յարուցուած է քրէական գործ եւ յառաջիկային կ՚իմանանք մանրամասներ», նշեց Վանեցեան, երեքշաբթի օր, Խաչատրեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Խօսակցութիւնը եղած է Քոչարեանի վերաբերեալ դատարանի յայտնի որոշումը կայացնելու օրը:

«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ դատարանի առջեւ կանգնած էին հանրապետութեան երկրորդ նախագահը եւ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը, պէտք է հարիւր տոկոս համոզուած ըլլանք, որ այդ գործունէութեան մէջ թերութիւն չկայ: Նման քննարկում մեր միջեւ կայացած է եւ եղած է զուտ իրաւաբանական քննարկում», ըսաւ Վանեցեան:

Վանեցեան յայտնեց խօսակցութեան նախապատմութիւնը. ինք ստացած է հաղորդագրութիւն՝ փորձագիտական կարծիք՝ ձերբակալութեան հիմքերու հետ կապուած, եւ այդ հաղորդագրութիւնը ուղարկած է ՅՔԾ-ի պետին, պարզաբանում ստանալու համար:

«Կ՚ուզեմ անգամ մը եւս շեշտել՝ մեր պայքարը շարունակելու ենք, եւ մեզ պէտք չէ խանգարէ ոչ մէկ բան, որեւէ խոչընդոտ չի կրնար ըլլալ մեր գործին մէջ: Հայաստանէն թալանուած գումարները վերադարձուելու են, մարդասպանները ձերբակալուելու են», ըսաւ ան:

«Ռուսերու հետ հազիւ հաշտուեր ենք, Խաչատուրովի խափանման միջոց ընտրէք ստորագրութեամբ չհեռանալը» խօսքը պարզաբանելով, Վանեցեան յայտնած է, որ «այո, գաղտնիք չէ, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ որոշ շրջանակներ սկսած էին տարածել, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը փոխուած է, նոր իշխանութիւնները կը փոխեն արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը: Այդ մտավախութիւնը կար մեր ռուս գործընկերներու մօտ, որ հերքուած է»:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2018