ԱՐԱ ՄԱԼԻՔԵԱՆ ՆՈՒԱԳԵՑ ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ

Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան նախընթաց օր նուագեց Իզմիրի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին ան համերգով մը հանդէս եկած էր Իսթանպուլի մէջ, իսկ նախընթաց օր ալ այս անգամ նուագեց Իզմիրի մէջ։ Ան արդէն պարբերաբար սկսած է գալ Թուրքիա, ուր կը վայելէ երաժշտասէրներու համակրանքը։

Արա Մալիքեանի այս վերջին համերգը տեղի ունեցաւ Իզմիրի 88-րդ միջազգային տօնավաճառի ծիրէն ներս։ «Քիւլթիւրփարք»ի մէջ տեղի ունեցաւ Արա Մալիքեանի համերգը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019