ԹՈՒԻԹԻ ԵՒ ՊԵՐԿՍՈՆ Կ՚ԱՇԽԱՏԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳ ԳՕՏԻԻ ՀԱՐՑԻՆ ՎՐԱՅ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի զօրքերու փոխ-հրամանատար Սթեֆըն Մ. Թուի-թի եւ Կեդրոնի զօրքերու փոխ-հրամանատար Թոմաս Ու. Պերկսոն երէկ շարունակեցին իրենց շփումները Թուրքիոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականները Թուրքիա եկած են՝ Սուրիոյ հիւսիսին, Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման վերաբերեալ խնդիրները քննարկելու առաջադրութեամբ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան մէջ այցելութեան առաջին օրը քննարկումներ ծաւալելէ վերջ, ամերիկացի հրամանատարները երէկ մեկնեցան Թուրքիա-ԱՄՆ համատեղ շարժման կեդրոնը, որ կը գտնուի Աքչաքալէի մէջ։ Մէկ թուրք եւ մէկ ամերիկացի հրամանատարի վերահսկողութեան ներքեւ այդ կեդրոնէն ներս ցայսօր կատարուած աշխատանքներուն շուրջ տեղեկութիւններ քաղեցին բարձրաստիճան հիւրերը։ Նախատեսուած յաջորդ գործունէութեան շուրջ ալ անոնց բացատրութիւններ տրուեցան քարտէսի վրայ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ներկայիս քննարկումները կեդրոնացած են նախատեսուած անվտանգ գօտիի մակերեսին վրայ։

Թէեւ կան տարակարծութիւններ, սակայն Անգարա կը պնդէ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփի կողմէ այս գործընթացի ամենասկիզբին նախատեսուած խորութեան՝ 32 քիլօմեթրի տարբերակին վրայ։ Այս շրջանին Թուրքիա միշտ մտահոգութեամբ կը հետեւի ԱՄՆ-ի կուտակումներուն՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019