ԱՌՑԱՆՑ ՓԱՌԱՏՕՆ

Կիւմրիի մէջ ճազի առցանց փառատօն քաղաքի թանգարաններու բակերէն ներս։ Այսպէս, Կիւմրիի մէջ, արդէն երրորդ անգամ «Մանուկեան ընկերութիւն»ը Ճազի հայկական ընկերակցութեան աջակցութեամբ կը կազմակերպէ ճազի փառատօն: Այս անգամ նախաձեռնութեան միացած է նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը:  Փառատօնը կ՚իրականացուի «Այ Լինկ»ի հետ համագործակցութեամբ: Համավարակի պատճառով այս տարի «HAY-AT JAZZ» ճազի փառատօնը առցանց է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Կիւմրիի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժնի պետ Լիլիթ Թովմասեան տեղեկացուցած է, որ փառատօնը կը շարունակուի չորս օր՝ քաղաքի տարբեր թանգարաններու բակերէն ներս։

«Մենք երկար քննարկեցինք, որ այս տարի փառատօնը իրականացնե՞նք, թէ ոչ։ Յանգեցանք այն եզրակացութեան, որ Կիւմրիի մշակութային կեանքէն, զուտ համավարակի պատճառով, իրաւունք չունինք հեռացնելու այսքան սիրուած մշակութային իրադարձութիւնը ու որոշեցինք առցանց տարբերակով եւ համացանցի հնարաւորութիւնները օգտագործելով ճազը հասցնել հանդիսատեսին», ըսաւ Լիլիթ Թովմասեան։

Փառատօնի շրջանակներներէն ներս կը ներկայանան Սամուէլ Գասպարեան եռեակը, Մալխաս ճազ խումբը, Վահագն Հայրապետեան եռեակը եւ Լուսինէ Սարգսեան եւ Կարէն Գրիգորեան քառեակը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2020