ԲԵՐԴԻ ՄԷՋ «ԵՐԵՒԱՆ ՃԱԶ ՖԵՍՏ»

Երբ մշակոյթը կը նպաստէ տեղական տնտեսութեան զարգացման, Տաւուշի մէջ կը սկսի «Երեւան ճազ ֆեստ»ը։

Համավարակով պայմանաւորուած երկարատեւ դադարէ յետոյ ճազի սիրահարները կրնան վայելել իրենց սիրելի երաժշտութիւնը «Երեւան ճազ ֆեստ»ի շրջանակներէն ներս, որ տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբերի 13-ին, Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքի «Սորաններ» ճեմապարտէզին մէջ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, «Թիկունքը՝ մշակոյթ. անսահման ճազ սահմանին մէջ» խորագրով բացօթեայ համերգին հանդէս կու գան Հայաստանի Պետական ճազ նուագախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար՝ Արմէն Հիւսնունց), Վահագն Հայրապետեան եռեակը, MVF Band-ը, The Birds Band-ը, The Rafael Petrossian Quintet-ը, Dialog music project-ը, Կարէն Գրիգորեան եռեակը, Davit Melkonyan Group-ի Personal Opinion project-ը եւ Samvel Gasparyan Electric Trio-ն։

Սեպտեմբերի 11-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան ըսաւ, որ  դժուար է բացատրել այս նախաձեռնութեան բարոյական, հոգեբանական ազդեցութիւնը, որովհետեւ այն կը գերազանցէ մեր ակնկալիքները: «Այս ծրագիրը սահմանամերձ համայնքներու վրայ նաեւ տնտեսական ներգործութիւն կ՚ունենայ, քանի որ իւրաքանչիւր համերգին հետեւելու նպատակով Երեւանէն, Հայաստանի զանազան քաղաքներէն Տաւուշ կը ժամանեն բազմաթիւ քաղաքացիներ: Օրեր առաջ մարզպետը ըսաւ, որ լրջագոյն խնդիր ունին կապուած սնունդի վայրեր, հիւրատուներ եւ սակաւաթիւ պանդոկներու մէջ ազատ սենեակներ գտնելու կապակցութեամբ: Սա կը նշանակէ, որ մշակոյթը կը նպաստէ տեղական տնտեսութեան զարգացման», ընդգծեց Խզմալեան:

Անոր խօսքով՝ «Երեւան ճազ ֆեստ»ը Հայաստանի առաջնակարգ միջազգային փառատօներէն է: «Շատ կարեւոր է, որ սահմանին կանգնած զինուորը վստահ ըլլայ, որ իր ընտանիքը կ՚ապրի  մշակութային  ժամանցով, որ իր զաւակները հնարաւորութիւն ունին հաղորդակցելու բարձրակարգ արուեստագէտներու հետ, մշակութային արժէքներու հետ, ինչ որ ալ բարոյահոգեբանական ներուժ է սահմանին վրայ իր կեանքը վտանգող զինուորի համար», նշեց փոխ-նախարարը:

Ճազի հայկական ընկերակցութեան նախագահ Կամօ Մովսէսեանն ալ խոստովանեցաւ, որ մինչ այս փառատօնը, ինք չէր եղած Բերդ քաղաքին մէջ եւ կը կարծէ, որ մեծ բան կորսնցուցած է: Ըստ Կամօ Մովսէսեանի, ընկերակցութիւնը հետեւողական կ՚ըլլայ եւ այլ միջոցառումներ կազմակերպելու ժամանակ հաշ-ւի կ՚առնէ ոչ միայն Տաւուշի մարզը, այլեւ սահմանամերձ այլ մարզերը:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2020