ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ-ԶԱՐԻՖ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Զօհրապ Մնացականեան այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Գահիրէ։ Եգիպտոս մեկնելէ առաջ ան զրուցած է իր իրանցի պաշտօնակցին հետ։ Երեւան Զօհրապ Մնացականեանի դէպի Եգիպտոս այցելութեան կարեւոր նշանակութիւն կը վերագրէ տարածքաշրջանային տեսակէտէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան-Զարիֆ երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Կարեւորուեցաւ աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան ծաւալումը եւ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղեալ երկուստեք քայլերու ձեռնարկումը։ Զրուցակից նախարարները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներուն, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմագրաւման ուղղութեամբ միջազգային համագործակցութեան։ 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2020