1671 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 112 հազար 213 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ՝ 1671 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 56 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1117։ Այս պահու դրութեամբ 1223 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ յայտնեց. «Զիրար խնայելու համար պէտք է պահպանենք մեր սիրելիները։ Մի միայն միասնաբար պայքարելով կրնանք յաջողիլ այս բանը։ Քորոնաժահրի դէմ ազդու պայքարը հնարաւոր է միայն սահմանափակումներուն միասնաբար հնազանդելով»։

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդի անդամներէն մին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու միջոցաւ ուշագրաւ զգուշացումներով հանդէս եկաւ Իսթանպուլի պարագային։ Ըստ իրեն, այս պահու դրութեամբ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նոր պարագաներու թիւը ըստ երեւոյթին Իսթանպուլի կրկնապատիկն է։ Յամենայնդէպս, երբ Անատոլուէն, գաւառներէն դէպի Իսթանպուլ վերադարձները սկսին յառաջիկայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին, ապա Իսթանպուլի մէջ կրնան նոր պարագաներու թիւերը բարձրանալ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2020