«ԱՐԱՐԱՏ 73»Ի ԱՐՁԱՆԱԽՈՒՄԲԸ

Թէեւ հայ­կա­կան ֆութ­պո­լը կ՚ապ­րի ծանր շրջան մը, սա­կայն նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան մար­զաշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Այս­պէս, «Հրազ­դան» մար­զա­դաշ­տի մօ­տա­կայ­քին բա­ցուե­ցաւ «Ա­րա­րատ 73» ար­ձա­նա­խում­բը։ Ծա­նօթ է, որ Խորհր­դա­յին Միու­թեան շրջա­նին «Ա­րա­րատ» հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի խում­բը ար­ձա­նագ­րած էր ի­րե­րա­յա­ջորդ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, նուա­ճած էր ա­խո­յե­նու­թիւն­ներ եւ ի­րա­ւունք շա­հած՝ Խորհր­դա­յին Միու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել Եւ­րո­պա­յի բա­ժակ­նե­րու խա­ղար­կու­թեան շրջագ­ծով։ Նո­րա­կերտ ար­ձա­նա­խում­բը ե­կած է ան­մա­հաց­նել «Ա­րա­տա 73»ի խա­ղա­ցող­նե­րուն յաղ­թա­նակ­նե­րը։

Ար­ձա­նա­խում­բի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան «Ա­րա­րատ 73»ի կեն­դա­նի ա­ռաս­պել­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մար­զա­կան բնա­գա­ւա­ռի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016