Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ՊԵՔԻՐ ՊՈԶՏԱՂ ԱՄՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ
Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ կը պատրաստուի այցելել Ուաշինկթըն։ Կը նախատեսուի, որ ան Հոկտեմբերի 25-ին ուղեւորուի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Նախարար Պոզտաղ երէկ յայտնեց, թէ ամերիկեան կողմին հետ պիտի քննարկէ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը կատարած ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցի՝ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի ժամանակաւոր ձերբակալման որոշումը եւ անոր արտայանձնման հեռանկարները։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016