ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՀԱՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ
Վրաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքով երեսփոխան ընտրուեցան երեք հայեր՝ իրաւունք շահելով մուտք գործել երկրի խորհրդարանը։
Վրաստանի ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ «Վրացական երազ» կուսակցութիւնը, որու ղեկավարն է երկրի վարչապետը՝ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի։ Այս կուսակցութիւնը ստացաւ քուէներուն շուրջ 67 տոկոսը։ Երկրորդ տեղը գրաւեց նախկին նախագահ Միխէյիլ Սահակաշվիլիի կողմէ գլխաւորուած «Միացեալ ազգային շարժում»ը, որ ապահոված է ձայներուն 27 տոկոսը։ Այս շարժումը ներկայիս կը բողոքէ՝ պնդելով, որ ընտրութիւններուն ժամանակ տեղի ունեցած են լուրջ խախտումներ եւ գողցուած են իր ձայները։
Գրեթէ ստոյգ արդիւնքներուն հիման վրայ խորհըր-դարան մուտք գործել յաջողած են՝ Հենզել Մկոյեան, Սամուէլ Մանուկեան եւ Ռուսլան Պօղոսեան։ Հայազգի երեք երեսփոխաններն ալ «Վրացական երազ»ին կողմէ թեկնածու առաջադրուած էին։ Ըստ Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ հրապարակուած տուեալներուն՝ երկրի հայաշատ Ջաւախքի շրջանէն ներս ընտրողներուն 50.45 առ հարիւրը մասնակցութիւն բերած է քուէարկութեան։