ԵՄ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՏԵՍՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպանները համաձայնութիւն գոյացուցին, որպէսզի Հայաստան ուղարկուի քաղաքացիական առաքելութիւն մը, որ պիտի տեղակայուի Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով՝ վստահութիւնը ամրապնդելու եւ սահմանազատման աշխատանքներուն նպաստելու համար։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս որոշումը առնուած է ԵՄ-ի Քաղաքական եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի դռնփակ նիստին ժամանակ։ Այժմ արդէն կը քննարկուին այս որոշման իրականացման մանրամասնութիւնները։ Պէտք է որոշուի, թէ առաքելութիւնը քանի՛ հոգիէ պիտի բաղկանայ, ո՛ր երկիրներու ներկայացուցիչները պիտի ընդգրկէ եւ ե՛րբ պիտի ժամանէ Հայաստան։ Պրիւքսելի դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ յստակ է, որ այդ առաքելութիւնը պիտի երթայ Հայաստան։

Փրակի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի քառակողմանի հանդիպումը։ Այդ բանակցութիւններէն վերջ տեղեկացուած էր, որ որոշուած է ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութիւնը տեղակայել՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2022