ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային վաքըֆներու ընտրութիւններուն առաջինը այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար։ Շուրջ 15 տարուան սպասումէ մը վերջ թրքահայ համայնքի անդամները վերստին քուէատուփի մօտ պիտի փութան՝ մեր կառոյցներու մատակարար մարմիններու նոր կազմերը ընտրելու համար։ Մինչեւ տարեվերջ իրերայաջորդ քուէարկութիւններ նախատեսուած են եւ այս շարքը ներկայ շաբաթավերջին սկիզբ պիտի առնէ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիով։ Կազմակերպչական ու նախապատրաստական աշխատանքները արդէն թեւակոխած են վերջին փուլը։ Շաբաթներէ ի վեր Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար կատարուելիք ընտրութիւնը համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ է։ Մէկ կողմէն վարչական գործառոյթներ, միւս կողմէն երկար ժամանակէ ի վեր գործի գլուխ գտնուող թաղային խորհուրդի կազմի գործունէութեան վերաբերեալ զանազան արժեւորումներ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բոլոր հարթութիւններու վրայ թեր ու դէմ կարծիքներ կ՚արտայայտուին այս կապակցութեամբ, իսկ վերջին խօսքը, բնականաբար, շաբաթավերջին պիտի ըսեն մեր համայնքի անդամները։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Սպիտակ ցանկի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերը եղան Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի այժմու կազմի բազմամեայ ատենապետը Իսքէնտէր Շահինկէօզ, որու հետ էին իր գործակից ընկերները։ Շահինկէօզի ընկերակիցներու շարքին կը գտնուէին թաղային խորհուրդի այժմու կազմէն Արէտ Գորեան եւ Սպիտակ ցանկի նոր թեկնածուներէն Արթիւր Պաղտասարեան, նաեւ Արման Չիչէքօղլու։ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդի այժմու կազմը որոշ վերանորոգութիւնով եւ համալրումով արդէն թեկնածութիւն ներկայացուցած է իր առաքելութիւնը շարունակելու համար։ Հետեւաբար, մէկ կողմէ կայ առաքելութիւնը տեւականացնելու ձգտած իշխանութիւն մը, իսկ միւս կողմէ նախընտրական շրջանին արդէն ստեղծուած մրցակցութիւն մը։
Երէկուան այցելութեան ընթացքին ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ իր գործակից ընկերները շաբաթավերջի քուէարկութեան սեմին ի ցոյց դրին իրենց գործունէութեան հաշուեկշիռը։ Ծանօթ է, որ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը լուրջ միջոցներ կը տնօրինէ եւ յառաջիկայ շրջանին ալ մեծ ծրագիրներու ձեռնամուխ պիտի ըլլայ։ Այս բոլորի լոյսին տակ, 16 հոկտեմբեր թուականը ճակատագրական կը համարուի ո՛չ միայն Օրթագիւղի եկեղեցւոյ եւ յարակից կառոյցներուն, այլեւ՝ ամբողջ համայնքին տեսակէտէ։ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ այցելուները զրոյցի ընթացքին մեզի ներկայացուցին մանրամասն հաշուեկշիռ մը, որ կը ցոլացնէ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին կողմէ տնօրինուած միջոցներուն վերաբերեալ ընդհանուր պատկեր մը։ Այժմու թաղականները եւ նոր շրջանի թեկնածուները յայտնեցին, որ ամենայն արդիւնաւէտութեամբ կառավարուած են միջոցները եւ այդ հանգամանքը կը յանձնեն համայնքի նկատառման։
Այն տեղեկութիւնները, որոնք երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին մանրամասնուեցան, այսօր արդէն առանձին ծանուցումի մը ձեւաչափով ալ հրապարակուած են մամուլին մէջ՝ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ։ Համապատասխան հաշուետուական այս ազդը այսօր հրատարակուած է նաեւ թերթիս մէջ։
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Սպիտակ ցուցակի ներկայացուցիչներուն խմբագրատունս տուած այցելութիւնը ընդհանրապէս անցաւ ջերմ եւ դրական զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ։ Ծանօթ է, որ բաւական երկար տարիներէ ի վեր Օրթագիւղի այժմու թաղային խորհուրդի եւ թերթիս խմբագրութեան յարաբերութիւնները բնականոն հունէ դուրս կը գտնուէին՝ զանազան թիւրիմացութիւններու պատճառով։ Երէկուան այցելութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, երկու կառոյցներու միջեւ երկար ժամանակէ վերջ հաստատուած առաջին շփումի մը նշանակութիւնը ունէր։ Ուստի, այս հանգամանքը կ՚ընդգծենք՝ քանի նախընտրական շրջանի մեր հրատարակութիւններուն մէջ միշտ պաշտպանած ենք այն մօտեցումը, որ այս փուլը հնարաւորինս լարուածութենէ հեռու ըլլայ, որպէսզի համայնքը քուէատուփի մօտ փութալու ժամանակ առողջ կողմնորոշուելու, պաղարիւն ձեւով դատողութիւններ ընելու հնարաւորութիւն ունենայ։ Ուստի, մեզի համար ուրախառիթ էր ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզի եւ գործակից ընկերներուն այցելութիւնը, որուն համար զրոյցի աւարտին յայտնեցինք շնորհակալութիւն եւ իրենց կողմէ մեր ընթերցողներու լուսաբանման ուղղեալ ջանքերը համարեցինք ողջունելի։