ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԴՐԱԿԱՆ ՈՐԱԿԵՑ ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Փրակի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը դրական կը համարուի։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ նախարարը Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանին ուղղեալ դրական ժեսթեր նկատած է օդային մարզի բացումն ու ուղիղ թռիչքներուն սկսիլը։

«Մենք ժեսթեր ըրած ենք՝ մեր օդային տարածքը բացած ենք, ուղիղ թռիչքներ սկսած են, այլ ժեսթեր ալ կ՚ընենք՝ սահմանին որոշ աշխատանքներ… Մեր սահմանին սահմանազատող գետեր կան, պէտք է ուսումնասիրել, թէ  անոնց պարագային հունի փոփոխութիւններ կա՞ն, կամ ոչ։ Ճանապարհներ, կամուրջներ, անցումներ կան։ Այսինքն, ապագային, երբ յարաբերութիւնները կարգաւորուին, սահմանները պէտք է բացուին։ Այս բանին համար նախապատրաստութիւն պէտք է տեսնել։ Ի վերջոյ մեր նախագահը Փաշինեանի հետ հանդիպման այս բոլոր հարցերը, բնականաբար, անկեղծ մթնոլորտով ու մօտեցումով քննարկեց, արդիւնաւէտ հանդիպում մըն էր», ըսաւ Չավուշօղլու։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առընթեր խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին։ Իր խօսքով՝ անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուի մնայուն խաղաղութեան ուղղեալ պայմանագիր մը։ Այս մնայուն խաղաղութեան պայմանագրին տանող ճանապարհին վրայ ալ կան զանազան խնդիրներ. օրինակ՝ սահմաններու ճշգրտումը։ Չավուշօղլու աւելցուց, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարութիւն տրուած է, հինգ սկզբունքներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է։ Նախարարը աւելցուց, որ այդ բոլորի արդիւնքով պէտք է կեանքի կոչել սոյն սկզբունքներու հիման վրայ պայմանագիր մը։

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Չավուշօղլուի յայտարարութիւններուն՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու վերաբերեալ բաժնին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Իր խօսքով՝ Փրակի հանդիպումէն յետոյ տարածուած յայտարարութիւններէն վերջ այս առումով որեւէ զարգացում չէ արձանագրուած։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2022