ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ գումարեց իր հերթական նիստը։ Ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան պատրիարքական ընտրութեան ընթացիկ պատրաստութիւնները։ Նկատի ունենալով, որ անցեալ շաբաթավերջին աշխարհական պատգամաւորներու թեկնածութեան առաջադրման ժամկէտը վերջացած էր՝ Նախաձեռնարկ մարմինը ձեռնարկեց աշխարհական պատգամաւորներու թեկնածուներու դասաւորման աշխատանքին՝ ըստ իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի։ Նախաձեռնարկ մարմնի մամլոյ բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան այս ժողովին կապակցութեամբ մեզի հաղորդեց զանազան մանրամասնութիւններ, ըստ որոնց աշխարհական պատգամաւորներու դասաւորման աշխատանքը տակաւին հասած չէ իր աւարտին։ Ներկայ դրութեամբ բոլոր ընտրաշրջաններէն Նախաձեռնարկ մարմնին չեն ուղարկուած այն դիմումները, որոնք կատարուած են աշխարհական պատգամաւորի թեկնածուներուն կողմէ։ Ուստի, Նախաձեռնարկ մարմինն ալ այդ գործը վերջնականօրէն չէ կրցած աւարտել եւ չէ կրցած պատրաստել նաեւ վերջնական ցուցակը։

Ընտրաշրջաններու վաքըֆներուն հետ այս նիւթին կապակցութեամբ հաղորդակցութեան մէջ մտած է Նախաձեռնարկ մարմինը, որպէսզի պակասները փութով լրացուին։ Աշխարհական պատգամաւորներու թեկնածութիւններու դիմումները վերջնական քննութեան մըն ալ պիտի ենթարկուին Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ՝ ստուգելու համար կանոնադրութեան տեսակէտէ համապատասխանութիւնը։ Այս բոլորէն վերջ պատգամաւորի թեկնածուներու անուանացանկերը պիտի հրապարակուին ընտրաշրջաններէն ներս։ Նախաձեռնարկ մարմինը կ՚ենթադրէ, որ համապատասխան ցուցակները մինչեւ նոյեմբերի 14-ը կրնան ձեւաւորուիլ։

Երէկուան ժողովի ընթացքին Նախաձեռնարկ մարմինը արժեւորած է նաեւ այն աշխատանքը, որ տեղական ընտրական մարմիններուն հետ կատարուած էր նախապէս։ Առաւել չափով տուեալ աշխատանքին առընչութեամբ պաշտօն ստանձնած դէմքերը կրթելու, մարզելու ուղղեալ աշխատանք մըն էր այդ մէկը, որու արդիւնքները եղած են գոհացուցիչ։ Նախաձեռնարկ մարմինը ներկայիս կը նախատեսէ նաեւ նման ձեւաչափով հանդիպում մըն ալ կազմակերպել այն պատասխանատուներուն հետ, որոնք պատգամաւորներու ընտրութեան օրը պիտի վերահսկեն քուէատուփերը։ Այս կապակցութեամբ որոշուելիք վայրն ու ժամկէտն ալ յառաջիկային պիտի հրապարակուին Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ։

Միւս կողմէ, երէկուան հերթական ժողովի օրակարգին կապակցութեամբ ներկայաց-ւած մանրամասնութիւններուն առընթեր, Նախաձեռնարկ մարմնէն հասաւ նաեւ հրաժարականի մը լուրը։ Այսպէս, մարմնի փոխ-ատենապետ Սարգիս Չավուշեան երէկուան ժողովին ընթացքին ներկայացուցած է իր հրաժարականը։ Ինչպէս ծանօթ է, Նախաձեռնարկ մարմինը երկար ժամանակէ ի վեր կը դիմագրաւէ անդամներու իրերայաջորդ հրաժարականի մարտահրաւէրը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019