ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ՇՐՋԱՆ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ վեղարաւորներէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան այսօր ուշ գիշերին կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ան թեզի մը պատրաստութիւններուն մէջ է եւ համապատասխան ուսումնասիրութիւններու, գիտական աշխատանքի համար կը ձեռնարկէ այս ուղեւորութեան։ Շուրջ վեցամսեայ կեցութիւն մը կը նախատեսուի իր պարագային եւ սա կատարելագործման շրջան մը պիտի ըլլայ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբանին համար։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ ու խրախուսանքով Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան Սուրբ Էջմիածնի Մայրավանքի կրօնաբոյր միջավայրին մէջ, հոգեւոր հարուստ ապրումներով պայմանաւորուած անգնահատելի մթնոլորտի հնարաւորութիւններով յառաջիկայ շրջանին պիտի կատարելագործէ իր բարձրագոյն ուսումը։

Իր ձեռնադրութենէն ի վեր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եռանդուն եւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Հովուական ծառայութեան մէջ ընտելանալու ժամանակ ան առանձնայատուկ նախանձախնդրութեան առարկայ կը դարձնէ նոր սերունդին ուղղեալ ջանքերը՝ ամրան շրջանին Գնալըի բարձունքին ստեղծած ոգեւորութիւնով։ Մտաւոր արտադրութեան գետնի վրայ ալ հայր սուրբը ճիգեր կը գործադրէ՝ զանազան առիթներով յօդուածներ ստորագրելով թէ՛ մեր մամուլին մէջ եւ թէ ընկերային ցանցերու վրայ։ Ի լրումն այս բոլորին, իր արտայայտութեան կարողութիւններով հմուտ քարոզիչ մը դառնալու ճանապարհին է հայր սուրբը, որ Պատրիարքական Աթոռի տեղեկատուութեան համակարգին մէջ ալ կարգապահ ու բծախնդիր աշխատանք կը տանի։

Պոլսոյ Աթոռի համեստ պայմաններով՝ միաբան հայրերը նոյնաժամանակ մէկէ աւելի ուղղութիւններով աշխատանք կը ծաւալեն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գտնուելիք շրջանը Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի կողմէ վստահաբար լաւագոյնս արժեւորուի՝ այդ բոլոր ուղղութիւններով դիտարկումներ ընելու եւ գիտելիքները զարգացնելու տեսակէտէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ուսանելու հնարաւորութիւնը իւրաքանչիւր հայ եկեղեցականի համար չի սահմանափակուիր զուտ ուսումնասիրութիւնով, այլեւ մարդակերտումի եզակի կարելիութիւններ կ՚ընձեռէ եւ ի վերջոյ կ՚ապահովէ ամրապնդուիլ հայ եկեղեցականի կոչման գիտակցութեան, ծառայութեան ուխտին մէջ՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանիով պայմանաւորուած նուիրական միջավայրի մէջ։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ իր գործունէութեամբ ցարդ համատարած գնահատանքի արժանացած է, այս ուղեւորութիւնով իր առջեւ նոր հորիզոններ պիտի բանայ՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայութեան ճանապարհին։

Այս առթիւ բարի ճամբորդութիւն, արդիւնաւէտ կեցութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն՝ համոզուած ըլլալով, թէ այս ուղեւորութիւնը անկիւնադարձ մը պիտի ըլլայ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի ծառայութեան մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021