ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած հան­դի­սու­թիւն­նե­րու շար­քը շա­բա­թա­վեր­ջին եզ­րա­փա­կուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ծա­նօթ է, որ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի գոր­ծու­նէու­թեան կէս դա­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծած էր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս եւ այդ փու­լը ար­ժե­ւո­րուե­ցաւ պատ­շաճ ձե­ւով՝ հաս­տա­տու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րու մատ­նան­շու­մով։ Ցայ­սօր կա­տա­րուե­ցան զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ, իսկ շա­բա­թա­վեր­ջի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուանն ալ ե­ղաւ իս­կա­պէս շատ խան­դա­վառ։ Յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու մէկ մա­սը, ո­րոնք նա­խա­տե­սուած էին ամ­րան ա­միս­նե­րուն հա­մար, ա­կա­մայ յե­տաձ­գուած էին Գա­րա­կէօ­զեան Տան Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի բա­րե­յի­շա­տակ կո­ղակ­ցին՝ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի ան­ժա­մա­նակ մա­հուան հե­տե­ւան­քով։ Հե­տե­ւա­բար, շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուած պաշ­տօ­նա­կան ճա­շը բնո­րո­շեց 50-ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն եզ­րա­փա­կու­մը, ընդգր­կե­լով նաեւ յե­տաձ­գեալ քա­նի մը ձեռ­նարկ։

Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան, Լե­ւեն­տի «Wynd­ham Grand Otel»ը հիւ­րըն­կա­լեց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն հոծ թի­ւով ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք հա­մա­կուած էին Կազ­դուր­ման կա­յա­նի 50-ա­մեա­կի ու­րա­խու­թեամբ եւ հա­մախմ­բուած՝ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լը նշե­լու։ Ե­րե­կոյ­թի պա­տուոյ հիւրն էր Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ Տ. Շիր­վան Քհն յ. Միւր­զեան։ Գա­րա­կէօ­զեան Տան Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, 50-ա­մեա­կի Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պե­տու­հի Նաժ­տա Շա­տեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի Խնա­մա­տար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Քի­լէ­ճի եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Ի­րենց միա­ցած էր նաեւ մեր ծա­նօթ ազ­գա­յին­նե­րէն Հայկ Աս­լա­նեան, որ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հիմ­նադ­րու­թեան շրջա­նին վկայ ու մաս­նա­կից միակ հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչն է ներ­կա­յիս։

Ե­րե­կոյ­թը սկսաւ այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ յատ­կա­պէս նա­խա­տե­սուած տա­րազ­նե­րու տո­ղանց­քով մը։ Նո­րա­ձե­ւու­թեան աշ­խար­հի յայտ­նի ա­նուն­նե­րէն Եըլ­տը­րըմ Մայ­րուք, Վու­րալ Կէօք­չայ­լը եւ Սէր­լի Քէ­չօղ­լու (Քլոշ) պատ­րաս­տած էին մաս­նա­ւոր տա­րազ­ներ, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցուե­ցան մեր հա­մայն­քէն տասն­մէկ բնոր­դու­հի­նե­րու կող­մէ։ Ճա­շա­սե­ղան­նե­րու շուրջ հա­մախմ­բուե­լէ ա­ռաջ ներ­կա­նե­րուն հա­մար հա­ճե­լի ժա­ման­ցի ա­ռիթ մը ե­ղաւ այս մէ­կը։ Յի­շեալ ե­րեք ա­նուն­նե­րուն եւ բնոր­դու­հի­նե­րուն ի յի­շա­տակ յանձնուե­ցան վկա­յա­կան­ներ։

Ա­ւե­լի վերջ ներ­կա­նե­րը ան­ցան ճա­շաս­րահ։ Յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Սա­րօ Պէնկ­լեա­նի եւ Մե­լի­սա Փեհ­լի­վա­նօղ­լուի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Հիմ­նա­կան ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, Նաժ­տա Շա­տեան եւ Ար­թին Քի­լէ­ճի։ Ե­րաժշ­տա­կան բա­ժի­նը իս­կա­պէս շատ ճոխ էր։ Ի­րե­րա­յա­ջորդ բեմ ա­ռին մեր ե­րաժշ­տա­կան կեան­քէն յայտ­նի մե­նա­կա­տար­ներ. ինչ­պէս՝ Պար­թեւ Կա­րեան, Ա­լեքս Թա­թա­րեան, Աս­լին Թա­թա­րեան, Մա­րալ Ա­թա­ման, Թա­թիա­նա Պոս­տան։ Այս բո­լո­րէն վերջ ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նե­ցին նաեւ յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի փոր­ձա­ռու ա­նուն մը՝ Հայ­քոն, որ ե­րաժշ­տա­կան կեան­քէ ներս թե­ւա­կո­խած է իր 50-ա­մեա­կը։ Իւ­րա­քան­չիւ­րը ա­ռան­ձին կա­տա­րում­նե­րով խան­դա­վա­ռե­ցին մթնո­լոր­տը, իսկ վեր­ջա­ւո­րու­թեան միաս­նա­բար հան­դէս ե­կան՝ ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը հասց­նե­լով գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բէն Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեան իւ­րա­քան­չիւր մե­նա­կա­տա­րին յանձ­նեց վկա­յա­կան մը։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ նաեւ խորհր­դան­շա­կան երգ­չա­խումբ մը, ո­րու գլու­խը կը գտնուէր Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեան։ Այդ երգ­չա­խում­բի կազ­մին մէջ էին շատ մը ե­րախ­տա­շատ ա­նուն­ներ, ո­րոնք ան­ցեալ հինգ տաս­նա­մեակ­նե­րուն ըն­թաց­քին ան­փո­խա­րի­նե­լի եւ ան­սա­կարկ նուի­րու­մով ծա­ռա­յած են Կազ­դուր­ման կա­յա­նին։

Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ճուրդ մը, իսկ 50-ա­մեա­կի կար­կան­դա­կը հա­տուե­ցաւ՝ ձե­ռամբ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի, Հայկ Աս­լա­նեա­նի, Ար­թին Քի­լէ­ճիի եւ Նաժ­տա Շա­տեա­նի։ Թէ՛ 50-ա­մեա­կի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը եւ թէ ե­րե­կոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ստա­ցան վկա­յա­կան­ներ՝ ի­րենց բո­լո­րա­նուէր ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։

Ար­ձակ­ման ժա­մա­նակ բո­լոր ներ­կա­նե­րը յա­րա­տե­ւու­թիւն մաղ­թե­ցին Կազ­դուր­ման կա­յա­նի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար, որ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։

       

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2016