ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Թիֆլիզի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի 10-րդ տարեկան վեհաժողովին։ Զօհրապ Մնացականեան որպէս հրաւիրեալ բանախօս ելոյթ մը ունեցաւ հաւաքոյթի ընթացքին։ Հարկ է նշել, որ ներկայիս կը նշուի ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեայ յոբելեանը։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան Թիֆլիզի ելոյթի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի վերջին փոփոխութիւններուն։ «Երեւանի վարած քաղաքականութիւնը, ներառեալ արտաքին քաղաքականութիւնը, խիստ հայաստանակեդրոն են եւ հայամէտ», ըսաւ ան եւ անդրադարձաւ Եւրոպայի զանազան միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան վերաբերեալ խնդիրներուն։ «Կը կարծեմ՝ սա ճիշդ եւ կարեւոր պատգամ մը կը յղէ ԵՄ-ի գործընկերներուն, թէ ԵՄ-ի արեւելքին կայ երկիրներու խումբ մը, որ կը ձգտի համագործակցիլ ԵՄ-ի հետ՝ տարածքաշրջանային փոխկապակցուածութեան եւ միասնականութեան համատեսքի մէջ», ըսաւ նախարարը։

Մնացականեան յայտնեց, որ այս նոյն համատեսքին մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ Արեւելեան գործընկերութիւնը։ «Երկիրները տարբեր են եւ իւրաքանչիւր երկիր ինք կ՚որոշէ, թէ իր համար որ քաղաքականութիւնը գործադրելի է այս պարագային։ Համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան գնահատականը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, թէ ինչպէս այդ մէկը կը ծառայէ միասին աշխատելու նպատակին», նշեց նախարարը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018