ԵՐԵՒԱՆԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն՝ Հայաստանի թանգարանները ունեցած են շուրջ երեք հարիւր այցելուներ, որոնց գերակշիռ մասը եղած են զբօսաշրջիկներ՝ Ռուսաստանէն, Չինաստանէն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ ԱՊՀ-ական երկիրներէ:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ «Նոր Տարին Երեւանի մէջ 2017» ձեռնարկներու ծրագրի ծիրէն ներս, այս տարի, առաջին անգամ, Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան տակ գտնուող թանգարաններէն Երեւան քաղաքի պատմութեան, «Էրեբունի» պատմահնագիտական եւ Ժամանակակից արուեստի թանգարանները Յունուարի 2-5 թուականներունն բաց եղած են մայրաքաղաք այցելած հիւրերու եւ տօնը Երեւանի մէջ նշող համաքաղաքացիներու համար:
Աշխատակազմի զբօսաշրջութեան բաժնէն յայտնած են, որ նշուած օրերուն նշուած ժամանակահատուածին՝ Երեւանի թանգարանները հիւրընկալած են նաեւ սահմանամերձ գիւղերու դպրոցականներ: