ՅԱՒԵԼԵԱԼ 2800 ՊԱՏԱՆԻ

Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնը ընդլայնած է կրթական ծրագրի հասանելիութիւնը՝ ապահովելով 170 յաւելեալ համակարգիչ եւ կեդրոնին մէջ ընդունելով 2800 պատանիներ, որոնք արձանագրուած էին սպասման ցուցակներու վրայ: Այժմ նոր ուսանողները եւ անոնց ծնողները կը գտնուին կողմնորոշիչ հանդիպումներու եւ առաջին՝ նախապատրաստական դասերու փուլին:

«Վերջին տարիներուն կեդրոնի գործունէութեան հանդէպ հետաքրքրութեան եւ ծրագրին անդամակցիլ փափաքողներուն թիւի կտրուկ աճի պատճառով կեդրոնին մէջ գոյացաւ բազմաթիւ պատանիներու հերթ: Նոր սարքաւորումները ձեռք բերելով եւ կեդրոնի վարչական տարածքներուն մէկ մասը կրթական հարթակի եւ դասընթացքներու սենեակներու վերածելով՝ ԹՈՒՄՕ-ն մինչեւ 2017-ի աւարտը կարելիութիւն տուաւ արձանագրուած բոլոր երիտասարդներուն սկսիլ իրենց կրթական ուղիին: Այսպէսով, այժմ Երեւանի ԹՈՒՄՕ կը յաճախէ 10 հազարէ աւելի պատանի, իսկ ամբողջ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ծրագրին մէջ ներգրաւուած է մօտաւորապէս 14 հազար ուսանող», գրուած է կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ:

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018