ԻՐԱՆԻ ՀԻՒՍԻՍԻՆ ՆՈՐ ՌԱՏԱՐ

Իրան 800 քիլօմեթր տրամաչափով ռատար մը տեղադրած է իր հիւսիսին։ Այդ շառաւիղը կ՚ընդգրկէ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկինքը։ «Islamic World News»ի հաղորդումներով, ռատարը տեղադրուած է Կիլանի նահանգի բարձրաւանդակին՝ երկրի հիւսիսային օդային մարզը դիտարկելու համար։ Ան միացուած է Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան ցանցին։

Կը հաղորդուի, որ այսպէսով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ արեւելքի զգալի մասի, Վրաստանի մեծամասնութեան, Թիւրքմենիստանի արեւմուտքի, Ղազախիստանի հարաւ-արեւմտեան հատուածի եւ Կասպից ծովու օդային ամբողջ մարզը կը գտնուի Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի վերահսկողութեան ներքեւ։

Իրանի Անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Էքպէր Ահմատիան վերջին օրերուն այցելած էր Երեւան եւ Պաքու։ Այս շփումներու լոյսին տակ հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ կը գտնեն կարգ մը միջազգայնագէտներու կարծիքներ, ըստ որոնց՝ Իրան կը փորձէ կանխել Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի վրայ։

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2025