Գառնիի Մէջ Ճոպանուղի Կառուցում
Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ Գառնիի մէջ ճոպանուղի կառուցել: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտուած է Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան։ Ան նշած է, որ իրենք շուրջ 180 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիրներ պիտի իրականացնեն։
«Մենք մեր ներկայ քաղաքականութիւնը որդեգրած ենք շրջակայ միջավայրի պահպանութեան ուղղեալ գանձատրական աղբիւրներու համախմբման եւ նպատակային ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:
Մանրամասնելով Գառնիի ճոպանուղիի ծրագիրը, նախարարը նշած է, որ անիկա կը ներառէ Քարերու սիմֆոնիայի յուշարձանը ու Խոսրովի անտառ արգելոցը:
«Կ՚ուզենք իրականացնել ծրագիր մը, որ ուղիղ կապ պիտի ունենայ նաեւ Խոսրովի անտառ արգելոցի հետ եւ հետաքրքրական շղթայ պիտի ապահովէ: Ընդհանուր նպատակն է ունենալ ճոպանուղի մը, որ կ՚ապահովէ ելքը ձորի վրայէն եւ այցելուները կը տանի Քարերու սիմֆոնիայի մօտ», ըսած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ նախնական գնահատմամբ ծրագիրը կ՚արժէ շուրջ 5 միլիոն տոլար:
Արծուիկ Մինասեան նշած է նաեւ, որ այժմ կ՚աշխատին նախագծումներու վրայ: Կը նախատեսուի կառուցել նաեւ կամուրջ եւ զբօսաշրջիկներու համար նախատեսուած տեղեկատուական կեդրոններ: